Լքում Եւ Լռութիւն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Փաստօրէն ականատեսն ենք ամերիկեան, ռուսական, իրանեան եւ թրքական համակարգուած բեմադրութեան մը: Հովանաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու, դերակատարութեամբ ու հեղինակութեամբ թուրքերու եւ հանդիսատեսութեամբ` Ռուսիոյ եւ Իրանի: Անշուշտ այս բոլորը` ամբողջ աշխարհին` Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեամբ, ՕԹԱՆ-ով, Եւրոպական միութեամբ եւ բոլոր արդարամիտ եւ արդարութեան ջատագովող պետութիւններու լուռ եւ ամօթխած յայտարարութիւններով:

Ամէնէն ամօթալին, անշուշտ, Միացեալ Նահանգներու նախագահին զիրար հակասող ելոյթներն են: Սուտ եւ նենգ քաղաքականութեան ռահվիրայ Տ. Թրամփ արձակեց մեծ սուտ մը, որ քրտական այդ շրջաններուն մէջ 50-150 զինուորներ կային միայն:

Աշխարհը, գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու, երեսի վրայ լքեց քիւրտերը, որոնք անցնող վեց տարիներուն իբրեւ միջոց գործածուեցան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին: Հարիւրաւոր քիւրտ նահատակներ, զոհեր, վիրաւորներ, կորսուածներ, պատանդներ, գիւղեր եւ հողեր կորսնցուցած, իսկ այսօր դատապարտուած են դարձեալ մեծապետական շահերու զոհը երթալու: Շատ մտահոգիչ եւ շրջանի փոքրամասնութիւններուն համար շատ վտանգաւոր ահազանգ է այն մասին, որ բոլորն ալ վերջ ի վերջոյ ենթակայ են նման ճակատագիրներու, որովհետեւ մեծերն են, որ կ՛որոշեն անոնց ճամբան:

Միացեալ Նահանգներու լքումի կողքին, Ռուսիոյ եւ Իրանի լուռ հանդիսատեսի պահուածքն ալ վիրաւորական է եւ ընդվզեցուցիչ:

Այսօր աղէտ կը պատահի Սուրիոյ հողերուն վրայ: Թուրքիան դարձեալ իր բռնագրաւումներու քաղաքական եւ մարտական ոճը կ՛օգտագործէ: Սակայն Ռուսիան, Իրանը, Սէուտական Արաբիան, Ֆրանսան, Անգլիան, Գերմանիան եւ Չինաստանը դատապարտումէն անդին ոչ մէկ քայլ կ՛առնեն: Արդեօք նոյն պահանջը պիտի ունենայի՞ն ուրիշ երկրի մը մէջ նոյնանման ռազմական գործողութեան համար, կը կասկածիմ:

Փաստօրէն եւ տուեալներու հիման վրայ` Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ը հովանաւորեց:

Փաստօրէն եւ տուեալներու հիման վրայ` Թուրքիան հակադրուած է Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ:

Թուրքիան աւելի քան հինգ տարիէ տնտեսական տագնապի մէջ է, բայց չենք գիտեր` ինչպէ՛ս եւ որո՛ւ նեցուկով միշտ ոտքի կը մնայ:

Թուրքիան սուրիական պատերազմի ընթացքին ռուսական զօրքերու դէմ հակադրուողն է եւ ռուսական օդանաւ մը իր օդաչուով վար առնողը:

Թուրքիան իր ներքին ճակատի վրայ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները  ոտնակոխողն է եւ քիւրտերու դէմ հալածանքներ կազմակերպողը:

Դեռ վերջերս Թուրքիան Կիպրոսի նաւթային ջուրերու սահմանները խախտելու ախորժակն ալ ունենալու նշաններ ցոյց տուաւ:

Այս բոլորը մատնանշելէ ետք կ՛եզրակացնենք,  որ Թուրքիան առանձին չէ, հովանաւորութիւնը կը վայելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու,  որպէսզի Միջին Արեւելքի մէջ ինք ըլլայ քաղաքականութիւն ճշդորոշողը: Անկարելի է,  որ վերոնշեալ բացթողումներով Թուրքիան առանձինը ինքը որոշէ նման բոյր մը առնելու համար:

Արդ, պէտք է դատապարտումի ալիքէն անդին անցնիլ եւ պատժել զինք հովանաւորողները:

Փաստօրէն Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը դատապարտող երկիրներուն թիւը շատ է, սակայն գործնապէս ի՞նչ կը փոխէ գետնի վրայ:

Մեծապետական քաղաքականութիւնը կ՛որոշէ եւ կը հովանաւորէ:

Ինչպէս որ ամերիկացիները քիւրտերը հովանաւորեցին, որպէսզի ՏԱՀԵՇ-ը մաքրագործէ, նոյն ամերիկացիներն են, որ Թուրքիան կը հովանաւորեն, որ այսօրուան ներխուժումը կատարէ ի տես եւ ի լուր ամբողջ աշխարհին:

Մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր Թուրքիան կ՛օգտագործուի ամերիկացիներու կողմէ,  ժամանակը ցոյց պիտի տայ:

Բայց Թուրքիան հովանաւոր ունի անկասկած: