Լոյս Տեսաւ Գալուստ Կիւլպենկեանի Մասին Պատմող Գիրքին Հայերէն եւ Ռուսերէն Թարգմանութիւնները

Այլեւայլ, Հայաստան

Փորթուկալահայ գործարար եւ բարեգործ Գալուստ Կիւլպենկեանի մասին պատմող «Պարոն հինգ տոկոս» գիրքին հայերէն եւ ռուսերէն տարբերակները ներկայացուեցան ընթերցասէրներու ուշադրութեան:

Գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 15-ին: Ան տեսած է «Էդիթ պրինտ» հրատարակչութեան, իսկ թարգմանած է Սիլվա Յովակիմեանի կողմէ։

Ջոնաթան Քոնլինի այս գիրքը կը բացայայտէ Կիւլպենկեանի հարուստ կենսագրութիւնը: Գիրքը ստեղծուած է Կիւլպենկեանի արխիւի ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ:

Գալուստ Կիւլպենկեան (1869-1955) հայ մեծանուն գործարար է եւ բարեգործ:  Ան անցեալ դարասկիզբը քարիւղի ընկերութեան ներկայացուցիչ քարիւղային դիւանագիտութեան մէջ ամենաազդեցիկ դէմքերէն մէկը: Ուսումնասիրած է Միջագետքի քարիւղի պաշարները եւ զբաղուած քարիւղի արտահանումով: 1930-ին Փարիզի մէջ ընտրուած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահ:

Կիւլպենկեանի կտակին համաձայն` 1956-ին Լիզպոնի մէջ հիմնուած է «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամը, որ ֆինանսական մեծ աջակցութիւն կը տրամադրէ Սփիւռքի հայ մշակութային միութիւններուն, հայկական դպրոցներուն եւ հոգեւոր հաստատութիւններուն, կրթաթոշակներ՝ հայ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն: