Եթէ Չկանգնեցնէք Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ, Պիտի Կրկնուի 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Օսման Պայտեմիր

Աշխարհ

Թուրքիոյ քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախկին պատգամաւոր, Տիարպեքիրի նախկին քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր խիստ արձագանգած է Սուրիա ներխուժելու Թուրքիոյ քայլերը:

Թրքական Sabah–ի փոխանցմամբ` Պայտեմիր յայտարարած է, որ եթէ չկանգնեցնեն Թուրքիան Սուրիոյ մէջ, ապա պատմութիւնը պիտի կրկնուի, եւ 1915–ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը պիտի կրկնուի քիւրտերու հետ:

Պայտեմիրի այս խօսքերուն հետ կապուած արդէն անոր դէմ Թուրքիոյ մէջ հայց ներկայացուած է:

Նշենք, որ Օսման Պայտեմիր այցելած է Հայաստան եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ ծաղիկներ խոնարհած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: