Եթէ Քու Առջեւ Նպատակ Կը Դնես, Ապա Անպայման Կը Հասնիս Այդ Նպատակին․ «Կի­­լիկիա. Առիւծնե­­րու Եր­­կիր» Ֆիլ­­մի Բեմադրիչ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ակօս» շահեկան հարցազրոյց մը ունեցած է «Կի­­լիկիա. Առիւծնե­­րի եր­­կիր» ֆիլմի բեմադրիչ եւ սենարի հեղինակ Աշոտ Առաքելեանի հետ։

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՍԱՐԻԿ ՍԵՒԱԴԱ

  • Ողջոյն Աշոտ, խօ­­սինք «Կի­­լիկիա. Առիւծնե­­րի եր­­կիր» ֆիլ­­մի ստեղծման մա­­սին։ Ինչպէս առա­­ջացաւ նա­­խագ­­ծի ստեղծման գա­­ղափա­­րը։
  • Այս նա­­խագի­­ծը կեան­­քի կո­­չուած է «Գո­­հար» սիմ­­ֆո­­­նիկ նո­­ւագախմբի եւ երգչախմբի հիմ­­նա­­­դիր՝ Խա­­չատու­­րեան ըն­­տա­­­նիքի, մաս­­նա­­­ւորա­­պէս, լի­­բանա­­նահայ Յա­­րութ Խա­­չատու­­րեանի նա­­խաձեռ­­նութեամբ։ Ֆիլ­­մը նպա­­տակ ու­­նի սե­­րունդնե­­րու մէջ վառ պա­­հել եր­­բեմնի հզօր եւ հպարտ թա­­գաւո­­րու­­թեան ժա­­ռանգնե­­րը ըլ­­լա­­­լու գա­­ղափա­­րը։ Կի­­լիկիայի պատ­­մութիւ­­նը ներ­­կա­­­յաց­­նող ֆիլ­­մը մեծ ար­­ձա­­­գանգ գտաւ յատ­­կա­­­պէս լի­­բանա­­նահա­­յերու ու աշ­­խարհաս­­փիւռ հա­­յերու շրջա­­նին, քա­­նի որ անոնց մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը իր ար­­մատնե­­րով հէնց այնտե­­ղէն կը սե­­րէ։ Կի­­լիկիոյ դրօշ­­նե­­­րը, որոնք բազ­­միցս ծա­­ծանո­­ւած են «Գո­­հար»ի հա­­մերգնե­­րու ժա­­մանակ բազ­­մա­­­հազար հան­­դի­­­սատե­­սի կող­­մէ, այժմ ծա­­ծանուելու են էկ­­րա­­­նէն այն կողմ՝ պատ­­մա­­­կան հե­­րոս­­նե­­­րու ձեռ­­քե­­­րուն։ Պէտք է նշեմ, որ շատ հե­­տաքրքիր եւ միեւ­­նոյն ժա­­մանակ պար­­տա­­­ւորեց­­նող է «Գո­­հար»ի հետ աշ­­խա­­­տիլը, քա­­նի որ ար­­դէն եր­­կար տա­­րիներ բազ­­մա­­­թիւ նա­­խագի­­ծեր իրա­­կանա­­ցու­­ցած ենք եւ այդժամ՝ հա­­մագոր­­ծակցու­­թիւնը մատ­­նո­­­ւած եղած է մշտա­­կան յա­­ջողու­­թեան։ 2015-ին Լի­­բանա­­նին կա­­յացած հա­­մեր­­գա­­­յին ծրագ­­րե­­­րու պատ­­րաստման ժա­­մանակ հա­­մացան­­ցի նիւ­­թեր կը փնտրէին Կի­­լիկիայի թա­­գաւո­­րու­­թեան մա­­սին՝ չգտնե­­լով այդ ժա­­մանա­­կաշրջա­­նի մեր պատ­­մութիւ­­նը ար­­տա­­­ցոլող որե­­ւէ պատ­­շաճ ֆօ­­թօ կամ վի­­տէօ նիւթ, միտք առա­­ջացաւ տե­­սանե­­լի դարձցնել մեր հա­­յոց հպարտ թա­­գաւո­­րու­­թեան մա­­սին պատ­­մութիւ­­նը։ Ար­­դիւնքին սկսո­­ւեց Կի­­լիկիայի մա­­սին պատ­­մող առա­­ջին եւ միակ կի­­նօժա­­պաւէ­­նի ստեղծման գոր­­ծընթա­­ցը, որն այս պա­­հին պատ­­րաստ է հա­­մաշ­­խարհա­­յին կի­­նօար­­տադրու­­թեան ոլոր­­տին յայտնի եւ ըն­­դունո­­ւած ֆիլմ-ակ­­նարկի ձե­­ւաչա­­փով։

 

  • Ի՞նչ ձե­­ւաչա­­փով նկա­­րահա­­նուած է ֆիլ­­մը։
  • Ֆիլմ-ակ­­նարկնե­­րու ար­­տադրա­­կան ըն­­թացքը թէ՚ ժա­­մանա­­կացոյ­­ցի, թէ՛ ծա­­ւալի տե­­սան­­կիւնէն կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նէ լիամեթ­­րաժ ֆիլմ ստեղ­­ծե­­­լու գոր­­ծընթա­­ցին։ Մեր նպա­­տակն էր ստեղ­­ծել բարձր որա­­կային չա­­փանիշ­­նե­­­րուն հա­­մապա­­տաս­­խան կի­­նօժա­­պաւէն, որը կը յա­­ւակ­­նի իր խօս­­քը ըսել ժա­­մանա­­կակից պատ­­մա­­­կան հա­­մաշ­­խարհա­­յին ֆիլմ ար­­տադրու­­թեան աս­­պա­­­րէզին եւ Հա­­յաս­­տա­­­նը ճա­­նաչե­­լի կը դարձնէ՝ որ­­պէս այս ոլոր­­տի զար­­գացման մեծ նե­­րուժ ու­­նե­­­ցող եր­­կիր։ Բո­­լոր նկա­­րահա­­նումնե­­րը կա­­տարո­­ւած են Հա­­յաս­­տան, սկսած զանգուածային մար­­տի տե­­սարան­­նե­­­րէն մին­­չեւ ծո­­վամարտ, որի նկա­­րահա­­նումնե­­րը իրա­­կանա­­ցու­­ցած ենք հէնց «Կի­­լիկիա» նա­­ւու վրայ։ Ժա­­պաւէ­­նը յա­­գեցած է հա­­րուստ վի­­զուալ լու­­ծումնե­­րով եւ հա­­մակարգչա­­յին կրա­­ֆիքա­­յով։ Առա­­ջին ֆիլմ-ակ­­նարկը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ Կի­­լիկիայի պատ­­մութիւ­­նը՝ հիմ­­նադրման օրո­­ւանէն մին­­չեւ ամե­­նաազ­­դե­­­ցիկ թա­­գաւոր­­նե­­­րէն մէ­­կու՝ Ռու­­բի­­­նեան­­նե­­­րու տոհ­­մէն սե­­րող Լե­­ւոն Մե­­ծագոր­­ծի գա­­հակա­­լու­­մը։ Երկրորդ ֆիլմ-ակ­­նարկը կ՚ար­­տա­­­ցոլէ 13-րդ դա­­րի իրա­­դար­­ձութիւննե­­րը, Լե­­ւոն I թա­­գաւո­­րի դուստր Զա­­պէլի, նրա խնա­­մակալ Կոս­­տանդին Պայ­­լի եւ Զա­­պէլի ամու­­սին՝ Հե­­թու­­մեան­­նե­­­րի դի­­նաս­­տիայի հիմ­­նա­­­դիր Կի­­լիկիոյ թա­­գաւոր Հե­­թու­­մի կեր­­պարնե­­րը, տի­­րող պա­­լատա­­կան բար­­քե­­­րը ու խար­­դա­­­ւանքնե­­րը։ Եր­­րորդը կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ 1219-1375 թթ. պատ­­մութիւ­­նը՝ Լե­­ւոն III-ի գա­­հակալ­­ման տա­­րինե­­րը, չորս կող­­մից կե­­ղեքո­­ւող Կի­­լիկիան եւ վեր­­ջին թա­­գաւոր Լե­­ւոն V Լու­­սի­­­նեանին, որի յու­­ղարկա­­ւորու­­թիւնով ալ կ՚աւար­­տո­­­ւի ֆիլմ-ակ­­նարկը։

 

  • Սեպ­­տեմբե­­րի 12-ին Երե­­ւան տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նայ ֆիլ­­մի շնոր­­հանդէ­­սը։ Ի՞նչ սպա­­սելիք­­ներ ու­­նիք հայ հան­­դի­­­սատե­­սէն։
  • Բնա­­կանա­­բար կող­­ջունեմ թէ դրա­­կան, թէ բա­­ցասա­­կան կար­­ծիքնե­­րը, քա­­նի որ դրա­­կանը միշտ պար­­տա­­­ւորեց­­նող է։ Իսկ առողջ քննա­­դատու­­թիւննե­­րը, առ­­հա­­­սարակ, ես միշտ կ՚ըն­­դունեմ, քա­­նի որ այն միշտ կը սթա­­փեց­­նէ։ Հե­­տաքրքրուածու­­թիւնը մեծ է, այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռով որո­­շեցինք ֆիլմ-ակ­­նարկնե­­րը հա­­սանե­­լի դարձնել լայն հան­­րութեան հա­­մար։ Դրանք կը ցու­­ցադրո­­ւին Հա­­յաս­­տա­­­նի մի շարք կի­­նօթատ­­րոններ։

 

  • Որ­­պէս ֆիլ­­մի ռե­­ժիսոր՝ ի՞նչ նոր բա­­ցայայ­­տումներ ըրիք ձեզ հա­­մար։ Ինչպի­­սի՞ն էր աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին գոր­­ծընթա­­ցը։
  • Կ՚ու­­զեմ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւնս յայտնել բո­­լորին, ով­­քեր աշ­­խա­­­տած են այս ֆիլ­­մի ստեղծման վրայ, իս­­կա­­­պէս՝ շատ մեծ աշ­­խա­­­տանք տա­­րուած է։ Այս նա­­խագի­­ծը ապա­­ցոյց է՝ երբ քու առ­­ջեւ կը դնես նպա­­տակ, ապա ան­­պայման կը հաս­­նիս այդ նպա­­տակին։ Ֆիլմ-ակ­­նարկնե­­րը Կի­­լիկիոյ նոր նաւն է, որը մեծ շու­­քով կը ճա­­նապար­­հենք նա­­ւար­­կե­­­լու հա­­մաշ­­խարհա­­յին կի­­նոյի մեծ ով­­կիանոս՝ նպա­­տակ ու­­նե­­­նալով ապա­­գային Կի­­լիկիայի փա­­ռահեղ պատ­­մութիւ­­նը աշ­­խարհին ներ­­կա­­­յաց­­նել մեծ էկ­­րաննե­­րէն։

 

  • Խօ­­սինք նաեւ «Տո­­մինօ Փրո­­դաք­­շըն»-ի մա­­սին, ե՞րբ է այն հիմ­­նադրո­­ւած եւ ի՞նչ աշ­­խա­­­տանքներ իրա­­կանա­­ցու­­ցած է։
  • «Տո­­մինօ Փրո­­դաքշն» ը հիմ­­նադրո­­ւած է 2009 թ-ին։ Պրո­­դիւ­­սե­­­րական եւ վի­­տէօ ար­­տադրա­­կան մեր փրո­­ֆէօսիոնալ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը ու­­նի մի­­ջազ­­գա­­­յին շու­­կա­­­յին իրա­­կանա­­ցուած նա­­խագի­­ծերու բա­­ւակա­­նին փորձ։ Որ­­դեգրե­­լով մեր ու­­րոյն գոր­­ծե­­­լաոճը՝ մեր ողջ գոր­­ծունէու­­թեան ըն­­թացքին մեր հան­­դի­­­սակա­­նին, գոր­­ծընկեր­­նե­­­րուն եւ բո­­լոր անոնց, ով­­քեր գէթ մէկ ան­­գամ առնչո­­ւած են «Տո­­մինօ Փրո­­դաքշն»ի հետ, մենք ստեղ­­ծած եւ փո­­խան­­ցած ենք վառ ու ան­­մո­­­ռանա­­լի տպա­­ւորութիւն։