Վանեցեան Կը Հրաժարի Ազգային Անվտանգութեան ԾառայութեանՏնօրէնի Պաշտօնէն

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր յայտարարեց, որ ստորագրած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը աշխատանքէն ազատելու միջնորդագիրը:

«Համապատասխան հրամանագիրը մէկ-երկու օրուան ընթացքին պիտի ստորագրուի: Որոշումը տրուած է քննարկումներու արդիւնքով եւ փոխադարձ համաձայնութեամբ»,- լրագրողներուն յայտնած է Փաշինեան:

Անոր խօսքով` Արթուր Վանեցեան պիտի կեդրոնանայ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականին Եւրոպայի ախոյեանութեան եզրափակիչ դուրս բերելու վրայ:

Իր հերթին Արթուր Վանեցեան այս առնչութեամբ ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է, նշելով.

«Սիրելի′ հայրենակիցներ,

ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պատուարժա′ն զինծառայողներ,

Կը յայտնեմ ձեզի, որ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն հրաժարականի դիմում ներկայացնելու որոշում կայացուցած եմ: Նման որոշումը ստեղծուած իրավիճակին եւ գալիքի պարունակին մէջ կը համարեմ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ իմ ժողովուրդին ծառայելու ամենանախընտրելի եւ ամենահիմնաւորուած տարբերակը:

Այս որոշումը ես կայացուցած եմ նոյնքան վստահ, որքան այն մէկը, երբ մեր երկրի համար բախտորոշ փուլին համաձայնեցայ ստանձնելու Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը: Մէկուկէս տարուան իմ գործունէութիւնը միշտ բոլորիդ աչքի առջեւ եղած է, եւ ամէն քայլ ըրած եմ մէկ սկզբունքով` Հայրենիքն ու սպայի պատիւը վեր են ամէն ինչէն:

Պետականաշինութիւնը իր տրամաբանութիւնը ունի․ որոշումներու տարերայնութիւնը, գործողութիւններու հախուռնութիւնը, առաջնայինը երկրորդականէն, իսկ անցօղիկը մնայունէն չտարբերելու գործելաոճը այն ճանապարհը չէ, որ կը տանի դէպի նպատակներու իրականացում: Այն ընդհանուր ոչինչ ունի սպայի արժանապատւութեան հետ. սպայի ուսադիրն ու զարգացումներու նման ընթացքը անհամատեղելի են: Իմ հրաժարականը թող ըլլայ «Կանգ ա′ռ»-ի սթափեցնող քայլ, մնացած բոլոր տարբերակներուն պիտի յաղթէ հայրենիքի հանդէպ պարտքը:

Խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն մեր երկրին:

Պատիւ ունիմ»,-նշուած է գրութեան մէջ:

Արթուր Վանեցեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը կը զբաղեցնէր 2018-ի Մայիս 10-էն: Սեպտեմբեր 22-էն նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահն է: