Հալէպ, Վերամուտ – 1

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մանուէլ Քէշիշեան


Բարի վերամուտ:

Դպրոցական վերամուտները իրենց արտաքին ուրախութեան եւ ցնծութեան ետին յաճախ կը թաքցնեն բազմաթիւ լուծելի եւ անլուծելի եւ տագնապ յարուցանող խնդիրներ:

Հալէպի պարագային անմիջապէս շեշտը պիտի դրուի.

Ա. Սուրիոյ տագնապին  պատճառաւ գաղթի հետեւանքով յառաջացած աշակերտներու թիւին նօսրացումին վրայ:

Բ.Մնացած հայ աշակերտներու ծնողներուն ալ տնտեսական վիճակին վատթառացման պատճառով կթաթոշակներ չկարենալ վճարելուն համար, ոչ հայ աշակերտներ դպրոց ընդունուելուն վրայ:

Գ. Յետոյ պիտի ըսուի թէ մարդուժի պակաս կայ եւ թէ փորձառու ուսուցիչներուն մեծ մասը գաղթած են եւ իրենց տեղը արժանի լեցնողներ չեն եղած:

Դ.Այս մասին աւելի ուշ…

Առաջին կէտին շուրջ անմիջապէս պիտի համաձայնիմ եւ արձանագրեմ Լա- Փալիսեան ճշմարտութիւն մը, այն, որ աշակերտներու թիւին նօսրացումը յառաջ բերաւ անցանկալի երեւոյթ մը. 1500 աշակերտ ունեցող դպրոցները այսօր ունին 400 աշակերտ, 400-500 աշակերտ ունեցող դպրոցներու աշակերտներուն թիւը հարիւրը չ’անցնիր: Ազգային Նախակրթարան չորս վարժարաններ՝ Հայկազեանը, Սահակեանը, Զաւարեանը եւ Կիւլպէնկեանը դարձան մէկ՝ Ազգային Միացեալ Վարժարան: Մեսրոպեանը Հայաքիչ շրջանի մէջ գտնուելուն պատճառաւ տագնապէն առաջ արդէն փակած էր իր դռները: Հսկայ դպրոցներու մէջ բազմաթիւ դասարաններ դատարկ մնացին, նախապէս իւրաքանչիւր դասարան կը բաղկանար 30-35 աշակերտ ունեցող երկու, երեք, նոյնիսկ չորս բաժիններէ. հիմա դասարաններուն մեծ մասը ունին մէկ բաժին: Դպրոցներու մեծ մասին մէջ ամէն մէկ դասարան ունի 20, 15, 10 եւ աւելի քիչ աշակերտ:

Աշակերտներու սակաւութիւնը շատ չնուազեցուց մեր դպրոցներուն ծախսերը, ընդհակառակը չափազանց սղութիւնը շատ աւելի նեղ կացութեան մը ստեղծեց մանաւանդ, որ  աշակերտներուն մեծ մասը դարձաւ անվճարունակ, միւս կողմէ, դպրոցներուն օգնութեան ձեռք երկարող տեղաբնակ մեծահարուստ բարերարներուն թիւը հասաւ գրեթէ զէրոյի:

Այս պարագան Հալէպի դպրոցները դրաւ անցանկալի լուծում պահանջող հարցի առջեւ, որ մեզ առաջնորդեց այսօրուան անբաղձալի վիճակին: Քանի մը հայկական դպրոցներ իրենց դռները բաց պահելու համար դիմեցին ծայրայեղ քայլերու, եւ ընդունեցին քրիստոնեայ բայց ոչ հայ աշակերտներ, թիւով ամենաշատ աշակերտ ունեցող Կրթասիրաց Ս. Չեմպէրճեան վարժարանի աւելի քան 700 աշակետներէն կէսը հայեր չեն:

Այսօր Հալէպի մէջ կը գործեն 9 հայկական դպրոցներ, թէեւ կան նաեւ հայապատկան դպրոցներ, ուր հայերէնի ուսուցում կը բացակայի.ասոր վառ օրինակը Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ դպրոցն է. այս պարագան ալ բնական է եթէ նկատի առնենք, որ Հալէպի 1500 հայ ընտանիքներէն 1250-ը արաբախօս են, թերեւս անոնցմէ շատեր ազգութեամբ հայ իսկ չեն, պարզապէս դաւանանքով Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետեւորդներ են: Հայկական դպրոցները աշակերտներու ազգային պատկանելութեան առումով կարելի է բաժնել երեք խումբի 1- բացարձակապէս հայ աշակերտութիւն ունեցող՝ Բերիոյ Հայոց Առաջնորդարանին պատկանող Ազգային վարժարանները.  Բ-խառն, երբեմն ոչ հայերու թիւի առաւելութեամբ, Գ- 90% հայ, մնացածը պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու զաւակներ, որոնց մերժելը անկարելիի պէս բան մըն է: Այս խումբին մէջ կան նաեւ բազմաթիւ հայրը կամ մայրը հայ եղող ընտանիքներու զաւակներ: Այս վերջիններուն պարագային եթէ մայրն է հայը, ապա աշակերտը շատ լաւ հայերէն կը սորվի, յաճախ աւելի լաւ քան հայ հայր ու մայր ունեցող աշակերտը, որովհետեւ հայ մայրը կը ձգտի պահպանել իր եւ իր զաւակներուն հայութիւնը:

Արաբախօս աշակերտներու ներկայութիւնը դպրոցէն ներս մեզ կը կանգնեցնէ բազմաթիւ խնդիրներու առջեւ. երկու արաբախօս աշակերտներու ներկայութիւնն իսկ դասարանի խօսակցական լեզուն կը դարձնէ արաբերէնը, հայերէն դասապահերուն ներկայ գտնուող կէս արաբ կէս հայ աշակերտները կը կաշկանդեն հայերէնի ուսուցիչը, որ օտարներու ներկայութեան չկրնար ազատօրէն խօսիլ մեզի վերաբերող հարցերու շուրջ: Կայ նաեւ այլ հարց մը՝ ամենափոքր դժգոհութեան պարագային օտար աշակերտը կը վազէ պետական Կրթական տնօրէնութիւն եւ կը բողոքէ, յաճախ նաեւ իր բողոքին կ’աւելցնէ սուտ մը՝ իբր իր հանդէպ դպրոցին պատասխանատուները խտրականութեամբ կը վերաբերին… Այս ամէնը կը խեղադիւրեն մեր դպրոցներուն հայկական դիմագիծը:

Լուծո՞ւմ:

Լուծումը ծանր վիրահատութիւնն է.

-Պէտք է փոքր դպրոցները միացնել մեծերուն կամ իրար: Ասիկա անկարելի է, նկատի առնելով, որ անոնք կամ համայնքապատկան, կամ ալ կուսակցական պատկանելիութիւն ունին եւ իրենց շահերուն դէմ կը նկատեն սեփական դպրոց չունենալը:

-Պէտք է դպրոցին պատասխանատուները իրենց ունեցած կալուածներէն ծախեն յանուն դպրոցի գոյատեւման: Ասիկա ժամանակաւոր լուծում մըն է:

-Արտասահմանէն մշտական օգնութիւններ գան: Յուսալի՞ լուծում է: Չեմ գիտեր:

Այլապէս այս դպրոցները ժամանակի ընթացքին պիտի փակուին եւ կամ դադրին հայկական ըլլալէ, որովհետեւ Հալէպի գաղութին թիւը ոչ թէ պիտի աւելնայ, այլ պիտի նուազի:

Վերը ըսի, որ ոմանք շեշտ պիտի դնեն մարդուժի պակասին վրայ: Իրականութիւնը այն է, որ Հալէպի հայկական գաղութը մարդուժի պակասէ չի տառապիր: Նախկինին հետ նոյն համեմատութեամբ դպրոցները ունին հայերէնի ուսուցիչներ, որոնք, ճիշդ է հիներուն փորձառութիւնը չունին, բայց ունին երիտասարդական աւիւն եւ իրենց մասնագիտութիւնը ստացած են Հալէպի մէջ Համազգայինի աւելի քան 20 տարիէ ի վեր գործող Հայագիտական հիմնարկէն, ուր կան փորձառու հայագէտ ուսուցիչներ: Հաւատացէ՛ք, ասոնք որոշ չափով կը գոցեն հիներուն բաց ձգածը:

Վերը ըսեր էի նաեւ, որ շեշտ դնելիք չորրորդ կէտ մըն ալ կայ: Այդ ցաւալի կէտը աշակերտներուն կարեւորութիւն չտալն է հայերէն լեզուին: Իրականութեան մէջ աշակերտին եւ անոր ծնողքին կողմէ հայերէնին կարեւորութիւն չտալը սկիզբ առաւ 1967-ին, երբ Կրթական նախարարութիւնը ստիպեց բոլոր նիւթերը արաբերէնով դասաւանդել, իսկ հայերէնի գնահատակն նիշը դարձաւ յաջողելու կամ ձախողելու վրայ չազդող նիշ: Ճշմարտութիւնը այն է սակայն, որ անցումային դասարաններուն Կրօնի նիշը նոյնքան արժէք ունի եւ կ’ազդէ յաջողութեան կամ ձախողութեան վրայ, որքան որ ունի, օրինակի համար, տարրագիտութիւնը, իսկ կրօնի նիշին 50%ը պետականօրէն հայերէնինն է, որմով կ’ուսուցանուի կրօնը: Հայերէնը սակայն չի մտներ միջնակարգի եւ երկրորդականի աւարտական պետական քննութիւններուն մէջ, այստեղէն ալ կու գայ անոր կարեւորութիւն չտրուիլը:

Այո՛, աշակերտները յարկ եղած կարեւորութիւնը չեն տար հայերէնին, աւելի ճիշդ մեծ է թիւը բնաւ կարեւորութիւն չտուող աշակերտներուն: Անմիջապէս ըսենք, որ աշակերտները բոլոր դասանիւթերուն կարեւորութիւն չեն տար, անոնք ամբողջ տարին գրեթէ խաղալով կ’անցընեն, կը նախընտրեն դիւրինն ու հաճելին, կը նախընտրեն շաղակրատութիւնն ու ժամանցը, չէ՞ որ այնքա՜ն դիւրին է դասարան փոխելը. միջնակարգի աշակերտէն կը պահանջուի ընդհանուր բարձրագոյն նիշերու  50% միջինը, եւ 40% իւրաքանչիւր նիւթի բարձրագոյն նիշէն: Երկրորդականի մէջ իւրաքանչիւր նիւթին 20% բաւարար է, եթէ աշակերտը վերը նշուած 50% ապահոված է, իսկ յիսուն առ հարիւրը ապահովող բազմաթիւ ազդակներ կան՝ բերանացիի նիշերը, գծագրութեան, մարզանքի եւ համակարգիչի ձրիօրէն տրուող նիշերը, 50 նիշ օգնութիւն ստանալու աշակերտին իրաւունքը:

-Մենք բան չենք գիտեր, մանկապարտէզէն սկսեալ 15 տարի դպրոց գացեր ենք եւ բան չենք սորված:

Այս նախադասութիւնը նորավարտ աշակերտի մըն է, որ գնահատական գերազանց նիշեր ստացած է 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի պետական պաքալորիայի քննութիւններուն…

Այս գերազանցիկ աշակերտը թերեւս կը չափազանցէ…

Շարունակելի

14 Սեպտ. 2019