Ուղղակի Ժողովրդավարութեամբ` Հանրաքուէով

Uncategorized, Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Ամուլսարը  հանքարդիւնաբերական նպատակներով շահագործելու խնդիրը համատարած եւ սուր հնչեղութիւն ստացած է մեր երկրին մէջ: Տեղեկատուական բաց համակարգը բնականաբար կը նպաստէ, որ երկրի սահմանները հատուին դէպի ընդհանրապէս հայկական աշխարհ եւ հրապարակային քննարկումները շարունակուին այս առումով:

Փորձաքննութեան եզրակացութիւններու հիման վրայ Ամուլսարի վերաշահագործման կարելիութիւնը արագօրէն զօրաշարժի ենթարկած է բնապահպանական գործունէութիւն ծաւալող հասարակական կազմակերպութիւններ եւ քաղաքացիական շարժումներ` կասեցնելու համար հանքարդիւնաբերական աշխատանքներու վերսկսումը:

Բնապահպանական մասնագիտական զեկուցումի ներառած բոլոր մանրամասնութիւններուն իրազեկ հանրութիւնն է, որ կրնայ կողմնորոշուիլ թեր կամ դէմ շահագործման երեւոյթին:

Խնդիրը սակայն ունի նաեւ գաղափարախօսական մօտեցում: Երկրի հանքային պաշարները կը նկատուին ազգային-պետական սեփականութիւն, հարստութիւն: Անոնց շահագործումը եւ շահագործման հասոյթը հիմնականին մէջ անհրաժեշտ է, որ ուղղուած ըլլայ պետութեան ճամբով ժողովուրդին: Այս առումով կիսասեփականաշնորհումը կամ ամբողջական սեփականաշնորհումը լիովին կը նպաստեն առեւտրական ընկերութիւններուն գերշահոյթ ապահովելու: Նման հաւանականութիւն սկզբունքով կը բացառուի, երբ երկրի օրէնսդրութիւնը յստակօրէն կ՛արգիլէ ազգային-պետական հարստութիւններու սեփականաշնորհումը:

Այլապէս, հանքարդիւնաբերութիւնը տնտեսական բնական գործունէութիւն է եւ օրինաչափ աշխարհի տարածքին: Կենսոլորտային եւ բնապահպանական նորմերը յարգուելու պարագային այս ոլորտի արդիւնաբերութիւնները կը կազմեն երկրի տնտեսութեան կարեւոր բաժինը: Իսկ Հայաստանի տնտեսութիւնը կարեւոր չափերով նաեւ հանքահենք է: Խնդիրը անոնց ճիշդ կառավարումն է եւ շահոյթի ուղղուածութեան ճիշդ հունաւորումները` պահպանելով բնապահպանական եւ կենսոլորտային անվտանգութեան կանոնները:

Յայտնաբար, փորձաքննական եզրակացութեան մէջ մտահոգութիւններու տեղի տուող որոշ եզրեր գոյութիւն ունին: Երբ շահագործումի արտօնութիւնը կը պայմանաւորուի մշտադիտարկման գործողութեամբ, կը նշանակէ, որ բնապահպանական կանոններու խախտումի հաւանականութիւնը բարձր է:

Առանց խորանալու մասնագիտական տեսակէտներու իրաւացիութեան, ճշգրտութեան կամ անտեղիութեան արծարծուող մանրամասնութիւններուն մէջ, այստեղ կայ կարեւոր անշրջանցելի խնդիր: Մեր երկրին մէջ իրաւամբ հասունցած է քաղաքացիական գիտակցութիւն ունեցող հասարակութիւն, որ կառավարական որոշումներու գործընթացին վրայ զգալի ազդեցութիւն կը բանեցնէ: Այս մէկը ժողովրդավարական կարգերով կառավարուող երկիրներու յատուկ երեւոյթ է, ինչ որ դրական հետեւանքներու ձեռք բերման միտումներու մասին կը խօսի: Բողոք, ցոյց, հրապարակային թէժ քննարկումներ, ընդվզումի գործողութիւններ` օրէնքի սահմաններուն մէջ քաղաքակիրթ հասարակութեան յարիր երեւոյթներ են, որոնք կը նպաստեն առողջ հասարակութեան եւ հանրութիւն-իշխանութիւններ հաւասարակշռումի գործընթացներու կայացման:

Շարունակելով խնդիրը դիտարկել ժողովրդավարացող եւ այդ առաջադրանքին ընդառաջ կայացումի փուլեր թեւակոխող երկիրներու յարաբերակցութեան տրամաբանութեան մէջ, ուղղակի ժողովրդավարութիւնը այստեղ ինքզինք կը յուշէ:

Երբ կայ անորոշութիւն, երբ կան սուր բանավէճ եւ տրամագծօրէն հակոտնեայ թէ՛ ներհասարակական եւ թէ՛ ներիշխանական դիրքորոշումներ, ժողովուրդի կամարտայայտութեան հրամայականը գերակայ է:

Ահա թէ ինչո՛ւ այս պարագային` Ամուլսարի շահագործման որոշումի կայացումը թէկուզ մարզային սահմաններու մէջ հանրաքուէ կը պահանջէ: