Սեբաստիոյ «Հրամանատարի Եկեղեցի»ն Պիտի Նորոգուի

Աշխարհ, Էրկիր

Ույկար Կիւլթեքին

«ԱԿՕՍ»

Սեբաստիոյ հինգերրորդ Ուսման զինանոցի սահմաններուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին շուտով պիտի նորոգուի: Երկար ժամանակէ ի վեր այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուէին: 20 Օգոստոսին, Սեբաստիոյ կուսակալ Սալիհ Այհան եւ զինանոցի հրամանատար Էրթուղրուլ Էրպաքան այցելեցին եկեղեցին: Կուսակալը այստեղ յայտնեց, թէ եկեղեցւոյ սեփականութիւնը փոխանցուած է քաղաքի վարչութեան եւ սկսած է վերանորոգման ծրագիրի մշակումը: Արդէն նախագիծ մը պատրաստուած ու վաւերացուած էր յուշարձաններու պահպանման խորհուրդին կողմէ: Եկեղեցին զինանոցի տարածքին գտնուելով՝ երկար տարիներ շահագործուած էր բանակին կողմէ: Սեփականութիւնն ալ կը պատկանէր պաշտպանութեան նախարարութեան: Սեբաստիոյ հայոց հայրենակցական միութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր բանակցութիւններ կը վարէր այս ուղղութեամբ: Կ՛ակնկալուի, որ վերանորոգման աշխատանքներէն ետք տաճարը օգտագործուի իբրեւ թանգարան եւ միայն յատուկ օրերուն պաշտամունք կատարուի անոր մէջ:

Դիւրիմացութիւն մըն էր եկեղեցւոյ անուանումը: Երկար ժամանակ անոր կը վերագրուէր Սուրբ Գէորգ անունը: Սակայն «Հրանդ Տինք» հիմնարկի մշակութային ժառանգի հետազօտութիւններու ընթացքին պարզուեցաւ, որ անիկա կը կոչուի Սուրբ Սարգիս: Հիմնարկին ուսումնասիրութեան մէջ եկեղեցւոյ անուան շուրջ տարակարծութիւնները կը մեկնաբանուին հետեւեալ կերպով: «Բազմաթիւ հայկական աղբիւրներ, ներառեալ՝ Փօլ Փափուճեանի եւ Ռայմոն Գէորգեանի նման կարեւոր աղբիւրներ, հիմնուելով Առաքել Պատրիկի աշխատասիրութեան՝ զայն կը կոչեն Սուրբ Աստուածածին: Աղեքսանտրեան 1911ին հրատարակուած գիրքին մէջ կը նշէ, թէ Թաւրայի մէջ կայ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ ժայռափոր Սուրբ Սարգիսը: Նաթանեան, իր կարգին, 1877ին լոյս տեսած իր գիրքին մէջ կը նշէ, թէ Թաւրայի հայութիւնը 100 ընտանիքէ կը բաղկանար. եկեղեցւոյ յատակագիծը սրբազան քարայրի մը վրայ կառուցուած է: Եկեղեցւոյ վերագրուած անուններէն մէկն ալ Սուրբ Գէորգն է, եւ այս սխալ անուանումն ալ կու գայ Սեբաստիոյ կեդրոնը գտնուող յունական Այյոս Եորկոս եկեղեցւոյ հետ շփոթումէն: Նոյն աղբիւրը կ՛ընդգծէ, թէ Թաւրայի Սուրբ Սարգիսը Սեբաստիոյ մէջ կանգուն մնացած բազմաթիւ եկեղեցիներէն միայն մէկն է: Անիկա շատ մօտ է հայոց գերեզմանատան եւ ժողովուրդին մօտ «Հույքէսէն» անունով ծանօթ Խնդրակատար Սուրբ Աստուածածին վանքին: Վերջերս Սեբաստիոյ հայոց հայրենակցական միութիւնը դէպի բնօրրան կատարած ուխտագնացութիւններուն ընդմիշտ կ՛այցելէ եկեղեցին եւ մօտակայ գերեզմանը: Նաեւ Վարդավառեան խրախճանք եւ դաշտապտոյտ կը կատարէ Խնդրակատար վանքի աւերակներուն մօտ: