Նախապայմանային Արձագանգումներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման ուղղութեամբ յաջորդական յայտարարութիւններ տեղի կը կատարուին Պաքուի եւ Անգարայի կողմէ: Ըստ էութեան, նոյն յանկերգի վերաբարձրաձայնումն է, որ կ՛արձանագրուի պարզապէս այն թիւր տպաւորութիւնը ձգելու, որ բանակցային նոր մեկնարկի ազդանշան տրուած է:

Առաջին անգամը չէ, որ Պաքուն եւ Անգարան խաբուսիկ (իմիթացիոն) քարոզչաքաղաքական գործողութիւն կը կազմակերպեն յատկապէս արցախեան հակամարտութեան լուծման առումով ապատեղեկատուութիւն տարածելու կամ թիւր տպաւորութիւն ստեղծելու միտումով:

Ներկայ պահուն նման գործողութեան դիմելը եւ անոնց յարակից ենթահող պատրաստելու համար այլ նախաբաններ հրամցնելը պարզապէս ընդհանուր այդ վարքագիծի վերջին դրսեւորումն է:

Հայկական կողմի արձագանգումները արագ են, սակայն հիմնականին մէջ` հակազդողի դերով: Մամետեարով-Չաւուշօղլու համընթաց յայտարարութիւնները միեւնոյն նախապայմանային քաղաքականութեան վերաբանաձեւումն են: Այս անգամ հայկական կողմէն արձագանգած են փոխվարչապետն ու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը: Ընդ որում, փոխվարչապետը ընկերային ցանցի գրառումով: Հակազդեցութեան մակարդակը այս պարագային նշանակութիւն ունի: Երկու արտաքին գործոց նախարարներու կ՛արձագանգէ ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը, այլ մամլոյ բանբերը եւ փոխվարչապետը, վերջինս` ընկերային ցանցի միջոցով. մինչ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը ոչ թէ յատուկ յայտարարութիւն կը կատարէ այդ մասին, այլ պարզապէս կը պատասխանէ լրագրողի հարցումին: Եւ ընդհանուր հաշուով, եթէ թուրքեւազրպէյճանական միացեալ նախապայմանային քաղաքականութեան մէջ չկայ որեւէ երանգային փոփոխութիւն, նոյնպէս հայկական դիրքորոշումները կը վերահաստատեն մինչ այժմ որդեգրուած մօտեցումը: Թէ՛ փոխվարչապետը եւ թէ՛ մամլոյ բանբերը հանգուցալուծումը կը պայմանաւորեն արցախահայութեան որոշումով, անոր համաձայնութեամբ: Եւ եթէ ընկերային ցանցի վրայ փոխվարչապետը անփոփոխ գրառումով յաւելեալ հիմնաւորումներու կարիքը չէ զգացած, ապա նախարարութեան մամլոյ բանբերը գերակայած է կարգավիճակն ու անվտանգութիւնը: Փոխլրացնելով հայ պաշտօնեաներու հրապարակածները, կարելի է ըսել, ինչպէս ակնկալելի է, վերաբանաձեւուած է հայկական պաշտօնական դիրքորոշումը:

Թուրքեւազրպէյճանական նախապայմանային քաղաքականութեան եւ արցախահայութեան բարձրագոյն ինքնավարութիւն շնորհելու Մամետեարովի հրապարակումին տարբեր շեշտադրումով հակազդած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբերը, որ Մամետեարովի յայտարարութիւնները  գնահատած է  ոչ այլ կերպ, քան Պաքուի ապակառուցողական դիրքորոշման հերթական դրսեւորում: Բովանդակային բանակցութիւններու սկսելու համար Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է փոխեն իրենց հռետորաբանութիւնն ու մօտեցումները` պաշտօնական Ստեփանակերտի հետ ուղիղ բանակցութիւններու ձեռնարկելով:

Ահա այստեղ արդէն փոխլրացում կարելի է նկատել հայկական կողմի եռակողմ յայտարարութիւնները համադրելով: Հայաստանեան մօտեցումը արցախահայութեան մասնակցութեան եւ որոշումի իրաւունքի գերադասումն է, իսկ Արցախի պաշտօնական բանբերը որեւէ բովանդակային բանակցութեան վերսկսում կը պայմանաւորէ պաշտօնական Ստեփանակերտի բանակցային գործընթացին ներգրաւումով:

Այս բոլոր երեւոյթներուն զուգահեռ բնականաբար պէտք է վերլուծել քաղաքական պահի ընտրութեան շարժառիթները` նման առաջարկներ վերստին հրապարակելու կամ անոնցմէ առաջ հայկական կողմին հետ փոխըմբռնումի յանգելու ծխածածկութաւոր յայտարարութիւններուն մէջ:

Նախապայմանները նախապայմանային արձագանգներ կ՛ունենան: Այս պարագային որեւէ բովանդակային բանակցութիւն սկսելու համար պէտք է ներգրաւել պաշտօնական Ստեփանակերտը: Մինչ այդ, պէտք է յարգել Վիեննայի, Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ կայացած համաձայնութիւնները: