Ախալցխայի Հոգեւոր Տեսչութիւնը Եկեղեցւոյ Հաւատացեալներուն Ալիւր Տուած է

Սփիւռք

Դեկտեմբեր 27-ին, Ախալցխայի եւ Բորժոմիի տարածաշրջաններու հոգեւոր տեսուչ Հոգշ․ Տ․ Յակոբ աբեղայ Սահակեան եւ Ախալցխայի ու յարակից շրջաններու հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տ․ Թորգոմ քհնյ․ Վարդանեան քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն, ամանորեայ նախաշեմին, 160 հաւատացեալ անձերու, Հոգեւոր Տեսչութեան հովանաւորութեամբ գտնուող «Ախալցխա» պարախումբին, եկեղեցւոյ երգչախումբին եւ երգի խումբին տրամադրած են ալիւր։ Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։