Դամասկոսի Մէջ Իր Դեսպանատունը Վերսկսաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները

Աշխարհ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց Դամասկոսի մէջ երկրի դեսպանատան վերաբացումը: Դեսպանատունը փակուած էր 8 տարի առաջ` Սուրիոյ դէպքերուն սկիզբէն ի վեր:

Դամասկոսի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան գործավար Ապտելհաքիմ Նահիմի յայտարարեց, թէ Սուրիան ուժեղ կերպով պիտի վերադառնայ արաբական հայրենիքին` նշելով,- «Մեր դեսպանատան վերաբացումը արաբական այլ դեսպանատուներու վերաբացման նախաքայլն է»: