Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը Բազմապատկէ Իր Ընկերային Ծառայութիւնը

Սփիւռք

Ինչպէս միշտ, այս տօնական օրերուն ընթացքին եւս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին քաջալերանքով եւ հովանաւորութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը բազմապատկեց ընկերային ծառայութեան ոլորտի իր աշխատանքները։

Արդարեւ, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առընթեր, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը, գլխաւորութեամբ բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, Դեկտեմբեր ամսուն ձեռնարկեց օժանդակութեան արշաւի մը ու Կաղանդի եւ յաջորդող ամիսներուն սեղանները ճոխացնող սնունդ եւ նուէրներ բաշխեց 170 ընտանիքներու։

Այս վսեմ գործին իրենց մասնակցութիւնը բերած Հայր Սուրբերը նաեւ այցելելով ընտանիքները, աղօթեցին եւ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը փոխանցեցին անոնց։