Աշտարակի Մէջ Տուրմի Թանգարան Բացուած է (լուսանկարներ)

«Կուրմէ Տուրմէ» տուրմի տունը, Արագածոտնի մարզի Աշտարակ քաղաքին մէջ, Հոկտեմբեր 15-ին, բացած է Հայաստանի մէջ առաջին տուրմի թանգարանը։ Այցելուները այստեղ կրնան ծանօթանալ տուրմի պատմութեան, պատրաստման գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ համտեսել տարբեր […]

Ախալցխայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խտրականութեան Թեմայով Հանդիպում

Հոկտեմբեր 15-ին, Ախալցխայի ժողովրդավարութեան ներգրաւման կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիպում խտրականութեան թեմայով։ Հանդիպման ներկայ էին խորհրդարանականներ, մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի ներկայացուցիչներ եւ ՆԳՆ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գիծով ներկայացուցիչներ։ Հանդիպումը նախաձեռնած […]

Հայագիտական Հատորներու Ծանօթացման Նոր Նախաձեռնութիւն Ֆրեզնոյի Մէջ

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ նախաձեռնած է հայագիտական նիւթերով հատորներու հեղինակներու հետ հարցազրոյցներու շարքի մը, որոնց ձայնագրութիւններու հաւաքածոն պիտի տեղադրուի ընկերակցութեան համացանցային կայքին վրայ։ Նախաձեռնութեան նպատակն է […]

Լիբանանի Նախագահը Նախարար Կիտանեանի Հետ Քննարկած է Կառավարութեան Մէջ Հայկական Ներկայացուցչութիւնը

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, Հոկտեմբեր 15-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունած է զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որուն հետ քննարկած է Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու կառավարութեան […]

14-րդ «Դիլիջան» Համերգաշարի Անդրանիկ Ձեռնարկը Լոս Անճելըսի Մէջ

«Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կազմակերպած սենեկային երաժշտութեան 14-րդ «Դիլիջան» համերգաշարին անդրանիկ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Հոկտեմբեր 21-ին, կ.ե. ժամը 3-էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի «Քոլպըրն» երաժշտանոցի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ (200 […]

Արցախի Պետական Նախարարը Հանդիպած է «ԱՌԻ» Ընկերութեան Բաժնետէրերուն Հետ

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Հոկտեմբեր 15-ին, ընդունած է «Արցախ ռութս ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ներդրումային ընկերութեան խումբ մը բաժնետէրեր: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի կառավարութեան կայքը: Ողջունելով հիւրերը` պետական նախարարը […]

Ֆրանսական Charlie Hebdo Ամսագիրը Ծաղրած է Շառլ Ազնաւուրը` Զայրացնելով Անոր Ընտանիքը

Ֆրանսական Charlie Hebdo երգիծական ամսագիրը իր շապիկին վրայ պատկերած է Շառլ Ազնաւուրը: Նկարին մէջ Ազնաւուրը պառկած է անկողինին մէջ ու կը պատրաստուի մկրատով կտրել թթուածինի խողովակները: Նկարին վրայ գրուած է […]

Գործնական Կապ Հայաստանի եւ Լիբանանի Բժիշկներու Միջեւ. Հաղորդագրութիւն ԱՖՀԻԼ-ի

ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակի առիթով, 6-9 Հոկտեմբեր 2018-ին, ԱՖՀԻԼ-ի վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ տնօրէնութեան ընկերակցութեամբ, Հայաստան հրաւիրուեցան լիբանանցի տասը բժիշկներ եւ երեք ապահովագրական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ: Անցնող քսան տարիներուն զանազան հիւանդանոցներու մէջ ԱՖՀԻԼ-ի միջոցով […]

Մոմավառութիւն՝ Ի Պահպանութիւն Թիֆլիսի Հայոց Սրբավայրերուն (լուսանկարներ)

Վրաստանի հայ համայնքը, Հոկտեմբեր 14-ի կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագէն ետք, Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եւ Սուրբ Էջմիածին եկեղեցիներէն՝ հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ կազմակերպեց խաղաղ քայլերթ դէպի Հաւլաբարի կեդրոնի Ֆիգների փողոցի (Փէրիսցուալեբա փողոցի թիւ /21 հասցէով) յարակից […]

Շուէտի Սոտէրթէլ Քաղաքին Մէջ Հիմը Դրուեցաւ ՀՕՄ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղին

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական Վարչութիւնը ընդառաջելով Սոտէրթէլի, Շուէտի մէջ բնակութիւն հաստատած անձերու դիմումին, Հինգշաբթի 20 Սեպտեմբեր 2018-ին, Սոտէրթէլիոյ Սբ. Աստուածածին Եկեղեցւոյ սրահին մէջ հիմը դրաւ ՀՕՄ-ի «Աղթամար» Մեկուսի Մասնաճիւղին: […]