Նիկոլ Փաշինեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած է Արա Կիւլերի Մահուան Առիթով

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի մահուան առիթով: Հեռագիրին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Սրտի խոր ցաւով տեղեկացայ, որ  90 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ […]

Մենք Չենք Կրնար Խաղաղութիւն Ստանալ՝ Հողերու Վերադարձին Մասին Խօսելով. Յարութ Շիրինեան

Պարոն Միլսի յայտարարութիւնը խիստ դատապարտելի է, աւելին` քաղաքական կոպիտ սխալ է. Yerkir.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան եւ հանրութեան հետ կապերու պատասխանատու Յարութ […]

«Ապրող Սփիւռք» Միօրեայ Ձեռնարկ UCLA-ի Մէջ

Մելքոնեան Համաշխարհային Նախաձեռնութիւն հիմնարկութեան հետ գործակցութեամբ, Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Լոս Անճելըսի հայագիտական Նարեկացի ամպիոնի յիսնամեակը պիտի յիշատակուի միօրեայ շարք մը ձեռնարկներով, «Ապրող Սփիւռք» կոչուած ընդհանուր յայտագրով մը: Յայտագիրը յատկապէս վեր պիտի […]

30 Նախարար Հաշուող Կառավարութեան Մէջ Հայ Համայնքը Կը Ներկայացուի Երկու Նախարարով. Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմելով կը գտնուի Ժընեւ, անդրադարձաւ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, թէ Լիբանանի կառավարութեան մէջ […]

Քամանչայի Վարպետ Վլատիմիր Գրիգորեանի Ելոյթը Կլենտէյլի «Ապրիլ» Գրատան Մէջ

«Ապրիլ» գրատան նախաձեռնած Երաժշտական երեկոներու շարքին յաջորդը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ: Երեկոն այս անգամ նուիրուած է քամանչայի վարպետ Վլատիմիր Գրիգորեանի կատարումներուն։ Ան պիտի ներկայացնէ […]

Կլենտէյլի Քաղաքապետական Խորհուրդը Պիտի Մեծարուի Հայ Ամերիկեան Թանգարանի Ճաշկերոյթին

Հայ-ամերիկեան թանգարան- մշակութային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Դեկտեմբեր 9ին կայանալիք իր անդրանիկ ճաշկերոյթին ընթացքին պիտի մեծարէ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը, որ թանգարանին տրամադրած էր քաղաքամէջը գտնուող բաղձալի տարածք մը գործածելու […]

Մահացած է Աշխարհահռչակ Հայ Լուսանկարիչ Արա Կիւլերը

Հոկտեմբեր 17-ի երեկոյեան կեանքէն հեռացած է պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլեր։ Այս մասին կը հաղորդէ Daily Sabah-ը։ Աշխարհահռչակ հայ լուսանկարիչը ծնած է 1928 Օգոստոս 16-ին, Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ։ «Սթամպուլի […]

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց Իր Հիմնադիրներու Տօնը

Հայկազեան համալսարանը երկուշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2018-ին, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշեց իր Հիմնադիրներու 63-րդ տօնը` յայտարարելով ուսումնական տարեշրջանի պաշտօնական սկիզբը: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ աւետարանական համայնքի նախագահ վեր. […]

Արեւելեան ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Մեծարանքի 12-րդ Հանդիսութիւնը

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13-ին, Նիւ Եորքի ”Կրանտ Հայաթ” պանդոկի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի ութերորդ հանդիսութիւնը հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ: Օրուան հանդիսավարն էր Սարա […]

Ս.Օ.Խ.-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի Ուխտագնացութիւնը Ս. Ֆէպրօնիայի Վանք

Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի «Արցախ» մասնաճիւղը, Հոկտեմբեր 12-ին, յետմիջօրէն ժամը 3։00-ին, ուտագնացութիւն մը կատարեց դէպի Հիմօ գիւղ, ուր կը գտնուի Ս. Ֆէպրօնիայի վանքը։ Ժողովուրդը, չորս փոխադրակարգերով, հասաւ Գամիշլիէն 15 վայրկեան հեռաւորութեամբ […]