Քամանչայի Վարպետ Վլատիմիր Գրիգորեանի Ելոյթը Կլենտէյլի «Ապրիլ» Գրատան Մէջ

Այլեւայլ, Սփիւռք

«Ապրիլ» գրատան նախաձեռնած Երաժշտական երեկոներու շարքին յաջորդը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ:

Երեկոն այս անգամ նուիրուած է քամանչայի վարպետ Վլատիմիր Գրիգորեանի կատարումներուն։ Ան պիտի ներկայացնէ «Հայկական քամանչայի ձայն» խորագրուած յայտագիր մը։

Մասնակցութեան սակը 15 տոլար է։

Տոմսերը կարելի է կանխաւ ապահովել գրատունէն կամ այցելելով www.itsmyseat.com/abrilbooks կայքէջը:

«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին: