Նիկոլ Փաշինեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած է Արա Կիւլերի Մահուան Առիթով

Հայաստան, Սփիւռք

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի մահուան առիթով:

Հեռագիրին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Սրտի խոր ցաւով տեղեկացայ, որ  90 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ մեծ լուսանկարիչ Արա Կիւլեր: Տասնամեակներ շարունակ անո խորաթափանց աչքը տեսած եւ արձանագրած է պատկերներ, որոնք նոր մակարդակի բարձրացուցին համաշխարհային լուսանկարչական արուեստը:

Իմ ցաւակցութիւնը կը յայտնեմ մեծ արուեստագէտի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ անոր ստեղծագործութեան բազմահազար երկրպագուներուն Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ ողջ աշխարհի մէջ»: