Հայագիտական Հատորներու Ծանօթացման Նոր Նախաձեռնութիւն Ֆրեզնոյի Մէջ

Սփիւռք

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ նախաձեռնած է հայագիտական նիւթերով հատորներու հեղինակներու հետ հարցազրոյցներու շարքի մը, որոնց ձայնագրութիւններու հաւաքածոն պիտի տեղադրուի ընկերակցութեան համացանցային կայքին վրայ։

Նախաձեռնութեան նպատակն է հայագիտական նիւթերով կատարուած նորագոյն ուսումնասիրութիւններ աւելի հասանելի դարձնել հանրութեան։

Առաջին հարցազրոյցը կատարուած է դոկտ. Ճորճ Պուռնութեանի հետ, այս տարուան Մայիսին լոյս տեսած անոր՝ «Հայաստանն Ու Կայսերական Անկումը՝ 1900էն 1914. Երեւանի Նահանգը («Armenia and Imperial Decline The Province of Yerevan, 1900-1914») հատորին մասին, որմէ ետք երեք ձայնանիւթեր եւս տեղադրուած են կայքին վրայ՝ դոկտ. Այլին Քոչունեանի, փրոֆ. Ռանըլտ Գրիգոր Սիւնիի, ինչպէս նաեւ դոկտորներ Լեռնա Էքմեքճիօղլուի եւ Մելիսա Պիլալի հետ։

Այս նախաձեռնութեան համար կազմուած յատուկ մարմինին մաս կը կազմեն՝ Աննա Ալեքսանեան («Քլարք» համալսարան), Ճես Արլեն (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ), Ծովինար Տէրտէրեան (Միշիկըն համալսարանի «Էն Արպըր» մասնաճիւղ), Վարագ Քեթսեմանեան («Փրինսթըն» համալսարան) եւ Արմէն Մանուկ Խալոյեան («Քլարք» համալսարան)։

Հարցազրոյցները ունկնդրելու համար, այցելել https://societyforarmenianstudies.com/sas-podcasts կայքէջը: