Լոս Անճելըսի «Փարոս» Հիմնադրամը Կ՛ընդլայնէ Հայաստանի Դպրոցականներուն Մատուցած Իր Ծառայութիւնները

Լոս Անճելըսի հայ համայնքին ջանքերով գործող «Փարոս» հիմնադրամը Հայաստանի մէջ կը նախատեսէ նոր թափ հաղորդել իր բարեգործական ծրագիրներուն: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Արսէն Թորոսեանի հետ հանդիպման ընթացքին «Փարոս»-ի գործադիր տնօրէն Փիթըր […]

Նիկոլ Փաշինեան Կ՛ընդունի Լոսանճելըսահայ Գործարար Մայք Սարեանը

«Փանորամա».- Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր  30-ին ընդունեց «Prime Healthcare» ընկերութեան նախագահ, Լոս Անճելըսի հայ համայնքի անդամ, բարերար Մայք Սարեանը, որ համաամերիկեան չափանիշով առողջապահական ոլորտի յայտնի ներկայացուցիչ է եւ Ամերիկայի […]

Franck Muller-ի Հիմնադիրը Հայաստան Վերադարձողներու Համար Ծրագիր Մը Նախաձեռնած է

Զուիցերահայ գործարար, Franck Muller աշխարհահռչակ արանքանիշի հիմնադիր, Մարսէյլի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Սրմաքեշ նախաձեռնած է նոր ծրագիր` «Build Armenia» (Կառուցէ Հայաստան) հիմնադրամ, որուն միացած են մօտ տասնեակ սփիւռքահայ գործարարներ: […]

ՀաԼէպի Մէջ Բացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Նուիրուած Արխիւներու Ցուցահանդէսը

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ hայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի՝ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանային վարչութեան 100-ամեակի յանձնախումբը կազմակերպեց Միութեան 100-ամեակին նուիրուած արխիւային նիւթերու ցուցահանդէս։Այս մասին կը հաղորդէ Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի ֆէյսպուքեան պաշտօնական […]

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ծանօթացած է Պելառուսիոյ Հայ Համայնքի Խնդիրներուն

Աշխատանքային այցով Պելառուսիոյ Հանրապետութիւն գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսյան և անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները Հոկտեմբեր 29-ի երեկոյան հանդիպած են հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան կարեւոր համարած […]

Կեանքէն Հեռացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրած Գանատահայ Սիրվարդ Քուրտեան

Թորոնթոյի բնակչուհի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Սիրվարդ Քուրտեան կեանքէն հեռացած է 106 տարեկան հասակին, կը տեղեկացնէ «Հորիզոն»-ը: Սիրվարդ Քուրտեան ծնած է հարկադիր տեղահանութեան սկսուելէն երեք տարի առաջ: Ան ստիպուած եղած իր […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Քարոզեց Պեռնի Մայր Տաճարին Մէջ

Կիրակի, 28 Հոկտեմբեր 2018-ին, Պեռնի (Զուիցերիա) Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ մայր տաճարին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ներկայ գտնուեցաւ պատարագի արարողութեան եւ իր պատգամը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին: Իր պատգամին ներածական բաժինին մէջ […]

Գրող Արա Արծրունի Կնքեց Իր Մահկանացուն

Երէկ 86 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ արձակագիր, թատերագիր եւ հրապարակագիր Արա Արծրունի: Ծնած է 1932-ին, Պէյրութի մէջ, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։ Գրական գործերով աշխատակցած է «Բագին» եւ «Կամար» հանդէսներուն, «Սփիւռք» […]

«Սիրով»ը Հայկական Ձեռային Աշխատանքներով Նուէրներու 2018ի Տարբերակները Կը Ներկայացնէ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով, Հայաստանի մէջ արտադրուող ձեռային աշխատանքները համացանցի միջոցաւ աշխարհին տրամադրելի դարձնող «Սիրով» նախաձեռնութիւնը (WithLove.am), տօնական օրերու սեմին, հրապարակ հանած է նուէրներու երկու ծրարներ: 2015-ին սկսած […]

Սուիրիահայ Բժիշկը Գաւառի Մէջ Բացած է Մանկաբուժական Արդիական Մասնաւոր Բուժարան

Գաւառ քաղաքին մէջ վերջին օրերուն նոր ցուցանակ մը յայտնուած է` «Առողջ բալիկ» մանկաբուժական արդիական բուժարան անուանումով: Այս մասին կը հաղորդէ 168.am-ը։ Բուժարանին, որ կը մատուցէ մանկաբուժական ծառայութիւններ, հիմնադիրն է, սուրիահայ […]