«Սիրով»ը Հայկական Ձեռային Աշխատանքներով Նուէրներու 2018ի Տարբերակները Կը Ներկայացնէ

Հայաստան, Սփիւռք

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով, Հայաստանի մէջ արտադրուող ձեռային աշխատանքները համացանցի միջոցաւ աշխարհին տրամադրելի դարձնող «Սիրով» նախաձեռնութիւնը (WithLove.am), տօնական օրերու սեմին, հրապարակ հանած է նուէրներու երկու ծրարներ:

2015-ին սկսած այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Սօսէի եւ Ալէնի ժառանգութեան հիմնարկի գործունէութեան, որուն նպատակն է շարունակել Սօսէ Թովմասեանի եւ Ալէն Եկիկեանի սկսած՝ Հայաստան-Սփիւռք կամուրջներ հաստատելու իւրայատուկ աշխատանքը:

«Քոյրս միշտ կ՛որոնէր նորարարական եւ իւրայատուկ ձեռային աշխատանքներ արտադրողներ եւ Հայաստանի մէջ ձեռարուեստի նման ստեղծագործութիւններ իրականացնողները շատ են», կը յայտնէ Սօսէի եղբայրը՝ Վաչէ Թովմասեան, որ նշեալ հիմնարկի տնօրէնն է։

Այս տարուան երկու ծրարներուն (60 եւ 100 տոլար արժող) ապրանքներուն եւ զանոնք արտադրողներուն մասին մանրամասնութեանց կամ հայկական իւրայատուկ նուէրներէն ապսպրելու համար, այցելել՝ www.withlove.am կայքը: