Սուիրիահայ Բժիշկը Գաւառի Մէջ Բացած է Մանկաբուժական Արդիական Մասնաւոր Բուժարան

Հայաստան, Սփիւռք

Գաւառ քաղաքին մէջ վերջին օրերուն նոր ցուցանակ մը յայտնուած է` «Առողջ բալիկ» մանկաբուժական արդիական բուժարան անուանումով: Այս մասին կը հաղորդէ 168.am-ը։

Բուժարանին, որ կը մատուցէ մանկաբուժական ծառայութիւններ, հիմնադիրն է, սուրիահայ բժիշկ, ազգային-հասարակական գործիչ Վարանդ Կիրակոսեանը։ Կիրակոսեան Գաւառի տարածաշրջանին մէջ կ՛աշխատի արդէն 3 տարիէ, սկիզբը` Գաւառի Բժշկական բուժարանին, այնուհետեւ` Նորատուսի բուժհաստատութեան մէջ, սակայն այսուհետեւ բժիշկը իր գործունէութիւնը պիտի շարունակէ սեփական բուժարանին մէջ: Կիրակոսեանը Գաւառի հասարակութեան կ՛առաջարկէ մանկաբուժութեան իր նոր մօտեցումները, որոնք, ըստ անոր, մարզերուն մէջ գրեթէ չեն կիրառուած, սակայն բաւական արդիւնաւէտ են:

«Աշխատանքային ժամերը ընտրած եմ 16-էն մինչեւ 19-ը, երբ արդէն փակուած կ՛ըլլան պետական մանկաբուժական հաստատութիւնները: Մանկաբուժութեան համար ստեղծուած են ամենաժամանակակից պայմանները:

«Ես կը կիրառեմ ոչ աւանդական միջոցներ` յատկապէս դեղորայքային շնչառութիւնը, որ միշտ օգտագործած եմ Սուրիոյ մէջ աշխատած տարիներուն եւ շատ արդիւնաւէտ է: Այստեղ եւս մարդիկ կը փաստեն, որ ատիկա շատ արդիւնաւէտ մեթոտ է:Այս եւ զանազան այլ մեթոդներով ես ժպիտ ու առողջութիւն կը պարգեւեմ մանուկներուն: Արդէն կապուած եմ Գաւառին ու անոր բնակչութեան, ես ինծի կը զգամ իմ հարազատ տան մէջ, թէեւ Սուրիա ձգած եմ հարազատ տունս ու մանկաբուժական սեփական բուժարանս։ Արդէն 15 օրէ կը գործէ մանկաբուժական մասնաւոր բուժարանը, որ առայժմ առաջինն ու միակն է Գեղարքունիքի մարզին մէջ։ Առաջին քայլերը շատ յուսադրող են: Տեղացիները կը սիրեն ու կը վստահին ինծի՝ որպէս արհեստավարժ բժշկի: Փոխադարձ վստահութեան այս մթնոլորտը կարեւոր է արդիւնաւէտ բուժում ապահովելու համար»,- ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ 30 տարի մանկաբուժութեամբ զբաղած Վարանդ Կիրակոսեան: