Ֆեւքանի Եկեղեցին Աւերակ Դարձած է

Աշխարհ, Էրկիր

 «Ակունք»,- Այնթափի Նիզիփ գաւառակի Շըհլար թաղամասին մէջ գտնուող Ֆեւքանի եկեղեցին, որ ենթադրաբար կառուցուած է 7-րդ դարուն բիւզանդական ժամանակաշրջանին, բախտի քմահաճոյքին ձգուած է: Եկեղեցին, ուր 2011-ին Վաքըֆներու շրջանային տնօրինութեան կողմէ վերանորոգման աշխատանքներ կը կատարուէին, անուշադրութեան մատնուելու պատճառով կը քանդուի: Եկեղեցւոյ պատերուն վրայ կան ներկերով կատրուած գրութիւններ, ապակիները ջարդուած են, իսկ տանիքին վրայ ալ սկսած են խոտեր աճելու: Վերակառուցումէն ետք բախտի քմահաճոյքին ձգուած եկեղեցին կրկին նախկին աւերակ վիճակի մէջ է:

Կ՛ենթադրուի, որ եկեղեցին օգտագործած են Նիզիփին մէջ ապրող հայերը, իսկ տեղահանութենէն ետք (Հայոց Ցեղասպանութիւն-ակունք խմբ.) ան չէ գործած: Հայերու տեղահանութենէն ետք անտէր մնացած եկեղեցին կանգուն մնացած է ու հասած մինչեւ մեր օրերը: Եկեղեցոյ բակը խաղավայր դարձած է Նիզիփ եկած եւ այստեղ բնակութիւն հաստատած սուրրացի երեխաներու համար:

Եկեղեցին կրկին անտէր մնացած է

Այնթապի վաքըֆներու շրջանային տնօրինութեան կողմէ 2011-ին կատարուած վերանորոգման աշխատանքներէն ետք Նիզիփի գաւառապետարանը եկեղեցին յանձնած է Գիւղերուն ծառայութիւններ մատուցող կազմակերպութեան, իսկ աւելի ուշ` Նիզիփի հաշմանդամներու միութեան: Եկեղեցւոյ շէնքը այդ միութեան յանձնուած էր, որ աշխոյժօրէն կը գործեր, սակայն միութեան կողմէ կարճ ժամանակ մը օգտգործուելէ ետք անիկա կրկին անտէր մնացած է:

Կ՛ենթադրուի, որ եկեղեցին կառուցուած է 6-րդ կամ 7-րդ դարուն` բիւզանդական ժամանակաշրջանին: Խճաքարով կառուցուած  ու քառանկիւն նախագիծով եկեղեցւոյ կիսակլոր խորանը դէպի դուրս ցցուած է: Եկեղեցւոյ վերաբերեալ արձանագրութիւն չէ յայտնաբերուած, ու թէեւ եկեղեցւոյ կառուցման  յստակ թուականը չկայ, այնուամենայնիւ` կը համարուի, որ ան աւելի հին է, քան Վանի Աղթամար թերակղզիին մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցին: Եկեղեցւոյ մէջ եղած զարդաքանդակներն ու սրբապատկերները այժմ անհետացած են:

Աղբիւրը` «Մեզոփոթամիա» լրատուական գործակալութիւն

Թարգմանեց Անի Մելքոնեանը