Արամ Ա. Կաթողիկոս Քարոզեց Պեռնի Մայր Տաճարին Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Կիրակի, 28 Հոկտեմբեր 2018-ին, Պեռնի (Զուիցերիա) Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ մայր տաճարին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ներկայ գտնուեցաւ պատարագի արարողութեան եւ իր պատգամը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին:

Իր պատգամին ներածական բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ եկեղեցին քրիստոսատուր առաքելութիւն է: Հետեւաբար, եկեղեցին իրեն յատուկ առաքելութիւն չունի, այլ կոչուած է Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակելու: Քրիստոսի առաքելութիւնը եկեղեցին կրնայ շարունակել երեք միջոցներով` վկայութիւն, ծառայութիւն եւ ուսուցողութիւն: Այս վերջինը բաղկացած է երկու տարածքներէ` դաստիարակութիւն ու քարոզախօսութիւն:

Խօսելով քարոզախօսութեան մասին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ընդհանրապէս հոգեւորականներ կը շփոթեն Ս. Գրոց սերտողութիւնը քարոզախօսութեան հետ: Ճիշդ է, քարոզախօսութիւնը նաեւ կ՛ենթադրէ տուեալ Ս. Գրոց համարին բացատրութիւնը կամ վերլուծումը, սակայն քարոզախօսութեան նպատակը Քրիստոսի պատգամին փոխանցումն է ժողովուրդին: Հոս եւս, շեշտեց վեհափառը, քարոզիչը կոչուած է Քրիստոսի պատգամը ճիշդ հասկնալու եւ ճիշդ ձեւով փոխանցելու ժողովուրդին, այլ խօսքով` հոգեւորականը իրաւունք չունի իր կարծիքը փոխանցելու ժողովուրդին:

Այս ընդհանուր ներածականէն ետք, վեհափառ հայրապետը իր քարոզին բնաբանը ընտրած էր օրուան աւետարանական ընթերցումի հետեւեալ համարը. «Եթէ թագաւորութիւն մը ինքն իր մէջ բաժան-բաժան ըլլայ, այդ թագաւորութիւնը չի՛ կրնար կանգուն մնալ» (Մր 3.24): Վեհափառ հայրապետը նախ յայտնեց, որ թագաւորութիւն բառը գործածուած է նաեւ տուն հասկացողութեամբ, եւ տունը տարբեր իմաստներով գործածուած է Հին ու Նոր կտակարաններուն մէջ: Այս ծիրին մէջ ան ընդգծեց հիմնական տարբերութիւնը Հին ու Նոր կտակարաններուն մէջ տան հասկացողութեան նկատմամբ: Այսպէս. Հին կտակարանին մէջ տունը ֆիզիքական իրականութիւն է, յատկապէս ան կը նշանակէ տաճար, ուր Աստուած կը բնակի, իսկ Նոր կտակարանին մէջ տունը հոն է, ուր Աստուած ներկայ է: Ապա, վեհափառ հայրապետը մեկնելով այս հասկացողութենէն` շեշտեց, թէ տունը համայնքն է Քրիստոսի ներկայութեամբ` դառնալով հաւատքի, սիրոյ ու յոյսի համայնք:

Աստուածաշնչական այս ընդհանուր վերլուծումէն ետք, վեհափառ հայրապետը իր քարոզը կեդրոնացուց երկու մտածումներու շուրջ.

Ա) ԸՆՏԱՆԻՔԸ` ԻԲՐԵՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈՒՆԸ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ընտանիքը աստուածահիմն կառոյց է: Աստուած ստեղծեց Ադամն ու Եւան եւ անոնց պարտաւորութիւն տուաւ միասին ապրելու, սերնդագործելու եւ միշտ հաւատարիմ ու համարատու ըլլալու Իրեն: Ճիշդ անոր համար, ընտանիքը նուիրական կառոյց մըն է եւ որոշ իմաստով` փոքր եկեղեցի, ըսաւ վեհափառ հայրապետը. ապա աւելցուց, որ այս գիտակցութեամբ ընտանիքը պէտք է ինքզինք կազմակերպէ եւ իր կեանքը լեցնէ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով:

Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ դժբախտաբար համաշխարհայնացումը եւ աշխարհայնացումը ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ յառաջացուցած են այնպիսի մտածելակերպեր, գործելակերպեր ու կենցաղակերպեր, որոնք ժխտական անդրադարձ ունեցած են ընտանիքներու կեանքին մէջ` լուսանցքայնացնելով բարոյական ու հոգեւոր արժէքները: Քրիստոնեայ ընտանիքի հոգեւոր ու բարոյական կեանքի վերականգնումը հրամայական է: Սա եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Հոգեւոր ու բարոյական իմաստով ապականեալ ընտանիք մը իր ժխտական անդրադարձը կ՛ունենայ նաեւ եկեղեցւոյ կեանքին վրայ, որովհետեւ եկեղեցւոյ հիմքը ընտանիքն է:

Բ) ԵԿԵՂԵՑԻՆ` ԻԲՐԵՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈՒՆԸ: Եկեղեցին ո՛չ քարեղէն կառոյց է եւ ո՛չ ալ կազմակերպութիւն: Եկեղեցին ժողովուրդն է, Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է` հաւատքով, յոյսով ու սիրով շաղախուած համայնք մը: Այս ինքնահասկացողութեամբ եկեղեցին իր վկայութիւնը եւ ուսուցողական դերակատարութիւնը պէտք է կազմակերպէ:

Դժբախտաբար, այսօր, Աստուծոյ այս տունը եւս կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Աշխարհէն թափանցող երեւոյթներ սկսած են խանգարել եկեղեցւոյ կեանքը` ստեղծելով ներքին բաժանումներ ո՛չ միայն եկեղեցիներու միջեւ, այլեւ ներեկեղեցական կեանքին մէջ: «Անհրաժեշտ է, որ եկեղեցին վերանորոգումի ու բարեկարգումի ճամբով իր ինքնահասկացողութիւնը վերահաստատէ ու իր ծառայական առաքելութիւնը ամրապնդէ», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Ընտանիքը իբրեւ տուն եւ եկեղեցին իբրեւ տուն, քրիստոնէական հասկացողութեամբ Աստուծոյ տունը կը դառնան, երբ Աստուած Քրիստոսի ճամբով Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ կենդանի ներկայութիւն է հոն: «Հետեւաբար, անհրաժեշտ է բարոյական ու հոգեւոր իմաստով հզօրացնել ընտանիքը, որպէսզի կարենանք հզօրացնել եկեղեցին իր կեանքով ու վկայութեամբ», եզրակացուց վեհափառը:

Ինչպէս Ս. եւ անմահ պատարագի սկիզբը Պեռնի եպիսկոպոս` դոկտ. Հարըլտ Ռայն ողջունած էր վեհափառին ներկայութիւնը, նոյնպէս պատարագի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ սիրով ընդառաջած էր իր հրաւէրին եւ ժողովուրդին փոխանցած Քրիստոսի պատգամը:

Յայտնենք, որ եպիսկոպոսին որոշումով, պատարագի ընթացքին եղած նուիրատուութիւնները պիտի փոխանցուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ գործող Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի որբանոցին:

Նշենք, որ շաբաթ եւ կիրակի օրերու եկեղեցական արարողութեանց եւ պաշտօնական հանդիսութեանց ընթացքին, աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան հանդէս եկաւ հոգեւոր երգերով: