Եթէ Ջոջերը Գրաբար Սորվին, Կ՛ըլլան Համեստ Եւ Իմաստուն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՄԱԿԱՐ ի Գաղղիա

Կեդրոնականցի Արմենակին հետ կը զրուցէինք: Այս Կեդրոնականցի ակումիտին*, ոչ անկուտին, հայկական լրատուամիջոցները, թերթերը, ձայնասփիւռները եւ հեռատեսիլի կայանները ժամ պէտք է տան, որպէսզի հանրային դաստիարակութեամբ զբաղի:

Լեղի սուրճէն ետք, եղանակի արեւոտ յետմիջօրէին, Արմենակ գրպանէն թղթիկ մը հանեց եւ ըսաւ.

– Ժողովուրդին գրաբար պէտք է սորվեցնել, որպէսզի համեստ եւ իմաստուն դառնայ:

Կեդրոնականցիին միտքերը կը յիշեցնեն Պուտտայի ուսուցումը:

– Արմենա՛կ, խելքի՞դ բերիր, պարզ հայերէնն անգամ մոռցողները բան գործ չունի՞ն, որ գրաբար սորվին:

– Չե՞ս նկատեր, որ մեծ ըլլալու համաճարակ կայ: Աթոռախտ: Հիները կ՛ըսէին` բարձ: Այնքա՜ն նախագահներ ունինք, նախարարներ եւ նախարարութեան թեկնածուներ, բեմի վրայ շորարալ ցանկացողներ, որ ազգը վերածուած է թատրոնի: Մարդիկ ուրիշի գրած ճառը բեմէն կը կարդան, կ՛արձանագրեն, յաճախ իրենց ձայնը մտիկ կ՛ընեն եւ կ՛երջանկանան: Քանի որ բեմէն խօսած են, ուր որ երթան, առաջին շարքի աթոռներէն մէկը կը պատուեն իրենց անձով:

– Մի՛ անհանգստանար: Ունեցած ենք եւ ունինք ջոջեր, սովետի օրերուն անոնք նոմենկլատուրա էին, իսկ արդիականացող եւ եւրոպականացող սփիւռքները կ՛ըսեն` էսթեպլիշմընթ, տարբեր շապիկով, բայց` Պարոնեանի ջոջերը:

– Մակա՛ր, նոր ջոջերը ժողովներու, համաժողովներու, խորհրդաժողովներու կ՛երթան, սրահ մուտքին թղթապանակներ կը տրուին: Ինչո՞ւ հայելի մըն ալ չեն տար, որպէսզի իրենք զիրենք եւ սրահը դիտեն հասկնալու համար, թէ սխալ տեղ չե՞ն եկած:

– Ի՞նչ պէտք է ընել, Արմենա՛կ:

– Բոլորին գրաբար սորվեցնել, որպէսզի Քրիստոսի ուսուցումը հասկնան:

– Ի՞նչ կարդալու համար:

Արմենակ գրպանէն թղթիկ մը հանեց ու կարդաց. Յորժամ կոչիցէ ոք զքեզ ի հարսանիս կամ ի կոչունս, մի՛ բազմիցիս յառաջին բարձին. գուցէ պատուականագոյն եւս քան զքեզ իցէ կոչեցեալն ի նմանէ: Եւ եկեալ, որ զքեզն եւ զնա կոչեաց. ասիցէ ցքեզ` տուր սմա տեղի. եւ ապա սկսան իցիս ամօթով զյետին տեղին ունել: Այլ յորժամ կոչիցիս, երթիջիր, բազմիջիր ի յետին տեղւոջ. զի յորժամ գայցէ, որ կոչեացն զքեզ, ասիցէ ցքեզ. բարեկամ, ի վեր մատիր. յայնժամ եղիցին քեզ փառք առաջի բարձակացն քոց:

Եւ աւելցուց.    «Անոնք գրաբար պիտի չսորվին, ընդհանրապէս սորվելիք չունին: Աթոռ-աթոռակի համար բաւարար գիտելիք ունին, նաեւ քսակ` կամ քոմպինացիա: Մենք չունինք մեծ, որ ըսէ. «Տուր սմա տեղի. եւ ապա իցիս ամօթով զյետին տեղին ունել…»: Զյետին տեղն ընդունելու համար առաքինի պէտք է ըլլալ, ինչ որ գրաբար սորվելէն աւելի դժուար է: Հայելի կարելի է տալ, թերեւս իրենք զիրենք կը դիտեն, եթէ հաւկուրութենէ  չեն տառապիր, եզրակացուց Արմենակ:

Նկատի ունենալով, որ հայելիի մեծ պահանջ կայ, հիմնադրամ մը չստեղծե՞նք:

Իսկ Յիսուսի խօսքը աշխարհաբարով ըսելու կարիք չկայ: Ո՞վ պիտի լսէ:

 

25 Հոկտեմբեր 2018

* Գիտուն