Կեանքէն Հեռացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրած Գանատահայ Սիրվարդ Քուրտեան

Այլեւայլ, Սփիւռք

Թորոնթոյի բնակչուհի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Սիրվարդ Քուրտեան կեանքէն հեռացած է 106 տարեկան հասակին, կը տեղեկացնէ «Հորիզոն»-ը:

Սիրվարդ Քուրտեան ծնած է հարկադիր տեղահանութեան սկսուելէն երեք տարի առաջ: Ան ստիպուած եղած իր մօր, եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ Էրզրումէն հասնիլ Թուրքիոյ արեւելք, այնուհետեւ Մոսուլ քաղաք: Ճանապարհորդութիւնը տեւած է 6 ամիս: Սիրվարդի հայրը սպաննուած է 1915 թուականին թուրքերու կողմէ:

Մոսուլ հասնելէ ետք, որոշ ժամանակ անց անոնք կը տեղափոխուին Սուրիոյ Հալէպ քաղաք: Այդ ժամանակ այդտեղ կային աւելի քան 100 հազար հայ վերապրածներ, որոնց մէջ` նաեւ բազմաթիւ որբեր: Այնտեղ Սիրվարդը կը սկսի յաճախել դպրոց եւ շուտով իր դասարանի առաջատարներէն կը դառնայ։ 15 տարեկանին կ՛ամուսնանայ Խաչիկ Քուրտեանի հետ: 1974 թուականին Խաչիկ Քուրտեան կը մահանայ: 1991 թուականին Սիրվարդը իր ընտանիքի հետ կը տեղափոխուի Գանատա: