Ճոն Պոլթընը Կամ Ոեւէ Մէկը Չի Կրնար Խօսիլ Իմ Անունովս. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27-ին լրագրողները վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին հարց ուղղեցին` «Յայտարարած էք, որ Մարտ 1-ի գործը ամբողջութեամբ բացայայտուած է, այդ պարագային, որո՞նք են մարդոց վրայ կրակողները»: Փաշինեան պատասխանած է. «Չեմ կրնար ըսել, հապա՞ անմեղութեան կանխավարկածը: Դուք բոլորդ այդ անմեղութեան կանխավարկածի ջերմեռանդ պաշտպաններն էք»:

Միացեալ Նահանգներէն զէնք գնելու կարելիութեան վերաբերեալ Փաշինեան նշեց. «Եթէ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ ըլլայ շահաւէտ առաջարկ, կը քննենք»:

Անդրադառնալով Ճոն Պոլթընի այն յայտարարութեան, թէ խորհրդարանական ընտրութիւններէն  ետք որոշիչ քայլեր պիտի ըլլան Արցախի հարցով, վարչապետի պաշտօնակատարը նշեց. «Ճոն Պոլթընը կամ ոեւէ մէկը չի կրնար  իմ անունովս խօսիլ»:

Փաշինեան վերահաստատեց իր նախկին տեսակէտը. «Ես ըսած եմ, թէ պիտի չտրուի որոշում մը, որ ընդունելի չըլլայ հայ ժողովուրդին, Արցախի ժողովուրդին ու Արցախի իշխանութիւններուն համար: Ոմանք մինի փոթորիկներ կը կազմակերպեն, բայց  եկէք ընդունինք` հարցին համընդհանուր լուծման առումով կը հասկնանք, որ որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ նաեւ Ազրպէյճանի  ժողովուրդին  համար: Ես չեմ սեպեր, որ Ղարաբաղի հարցը լուծողը որեւէ կառավարութիւն է, կամ ես, կամ ոեւէ վարչապետ: Մի՛ սեփականաշնորհէք, ես Ղարաբաղի հարցը լուծողը չեմ: Ղարաբաղի հարցը լուծողը հայ ժողովուրդն է, Արցախի ժողովուրդը, նաեւ` սփիւռքը»: