Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ծանօթացած է Պելառուսիոյ Հայ Համայնքի Խնդիրներուն

Հայաստան, Սփիւռք

Աշխատանքային այցով Պելառուսիոյ Հանրապետութիւն գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսյան և անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները Հոկտեմբեր 29-ի երեկոյան հանդիպած են հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան կարեւոր համարած է արտերկիր այցերը հայ համայնքի հետ հանդիպումներով սկսիլը, «քանի որ ատոնք հարազատ վայրի մէջ գտնուելու զգացողութիւն կը հաղորդեն»:

«Կ՛ուզէի, որ երկխօսութիւն ծաւալուի, եւ լսէի ձեզի յուզող հարցերու ու Հայաստանի իշխանութիւններէն ձեր ակնկալիքներուն մասին»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան Պելառուսիոյ հայ համայնքի հետ հանդիպման ժամանակ:

 Խօսուած է հայ-պելառուսական յարաբերութիւններու, երկկողմ տնտեսական եւ մշակութային կապերու խորացման գործին մէջ հայ համայնքի դերին, համատեղ ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւններու մասին:

Համայնքի ներկայացուցիչները կարեւոր համարած են Հայաստանի ղեկավարութեան հետ նման շփումները` նշելով, որ ատոնք առիթ կ՛ըլլան իրենց հայրենիքին մէկ մասնիկը զգալու, տեղեկանալու Հայաստանի մէջ կատարուող գործընթացներուն եւ ներգրաւուիլ տնտեսապէս ուժեղ հայրենիք կառուցելու գործին մէջ: