Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցած է Արա Կիւլերին Նուիրուած Վաւերագրական Ֆիլմի Անդրանիկ Ներկայացումը

Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած է լուսահոգի լուսանկարիչ-լրագրող Արա Կիւլերի (Արա Կիւլերեան) յիշատակին նուիրուած լուսանկարիչ-լրագրող Ճոշքուն Արալի պատրաստած «Աշխարհը այսպիսին է» վաւերագրական ֆիլմին շնորհանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Anadoluajans-ը։ […]

Սոֆիայի Մէջ Սպիտակի Երկրաշարժին Նուիրուած Ձեռնարկ Կազմակերպուած է

Սոֆիայի Կարմիր Խաչի կեդրոնակայանին մէջ տեղի ունեցած է 1988-ի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 30-ամեայ տարելիցին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւն, որ կազմակերպուած է Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ՝ պուլղարական Կարմիր Խաչի հետ համագործակցութեամբ: […]

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Օրհնութեամբ Տեղի Ունեցած է Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիայի Թեմի Նորակառոյց Առաջնորդարանին Բացումը

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տեղի ունեցած է Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիայի հայոց թեմի նորակառոյց առաջնորդարանի բացման արարողութիւնը: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին Տեղեկատուական համակարգէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Սիտնիի Սուրբ […]

Հայ Օգնութեան Միութեան «Հայ Սիրտ» Պարբերաթերթի 80-ամեակին Առիթով

Ամիս մը առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2019-ը հռչակեց «Հայ Մամուլի Տարի»: Ակնարկելով Հայ մամուլի ծագման ու պատմական հոլովոյթին առնչուած կարգ մը հիմնական երեւոյթներուն, անկասկածօրէն կը տեսնենք մամուլի արժէքը՝ որ […]

Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 12-րդ Տարելիցին Նուիրուած Հոգեհանգիստ Եւ Ոգեկոչական Ձեռնարկ

Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, Կիրակի,  Յունուար 20-ին նշուեցաւ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 12-րդ տարելիցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։ Կէսօրէն ետք, ժամը 2-ին, Մոնթեպելլոյի նահատակաց յուշարձանին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Լեւոն Նորտիկեանը

Կիրակի, 3 Փետրուար 2019-ին, վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց արուեստագէտ եւ հնագէտ դոկտ. Լեւոն Նորտիկեանը: Հայրապետական սրբատառ կոնդակին ընթերցումէն […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հետեւի Վենեզուելայի Հայ Գաղութի Իրավիճակին

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը հետեւի վերջին օրերուն Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած կացութեան զարգացումներուն եւ այդ ծիրին մէջ հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Արդարեւ, Շաբաթ, 2 Փետրուար 2019-ին, վեհափառ հայրապետը հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ […]

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած Խորհրդաժողով՝ Նոր Ջուղայի Մէջ

Հայ Դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Արցախեան շարժման 30-ամեակին առիթով, Ուրբաթ՝ Փետրւար 1-ի առաւօտեան,  Հայ Դատի յանձնախումբի կեդրոնատեղիի սրահին մէջ (Նոր Ջուղա) տեղի ունեցաւ «Արցախեան շարժման 30-ամեակ՝ պատմութիւն, իրավիճակ եւ […]

Դաշնակցութեան Գերագոյն Ընկերական Զրոյցը. Խաժակ Մկրտիչեան

Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց ՀՅԴ 33-րդ ԸնդհանուրԺողովը: Շատեր այս ժողովը անկիւնադարձային կը նկատէին, անկէ ակնկալուած սպասելիքներով, գումարման վայրով եւ նկատի ունենալով հայ քաղաքական տիրող իրականութիւնը, որուն […]

Լիբանան Երկու Հայ Նախարար Ունեցաւ

Ինը ամսուան աշխատանքէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք, վարչապետ Սաատ Հարիրի` օժանդակութեամբ քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերուն՝ կրցաւ կազմել Լիբանանի նոր կառավարութիւնը: Ըստ «Ազդակ»-ի՝ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ ամբողջ օրուան ընթացքին […]