Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Լեւոն Նորտիկեանը

Սփիւռք

Կիրակի, 3 Փետրուար 2019-ին, վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց արուեստագէտ եւ հնագէտ դոկտ. Լեւոն Նորտիկեանը:

Հայրապետական սրբատառ կոնդակին ընթերցումէն առաջ դոկտ. Նորտիկեանի կենսագրութիւնն ու իր մասին վկայութիւններ կարդացին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արուեստի եւ գիտութեան բաժանմունքի տնօրէն Քրիսթին Պապիկեան-Ասսաֆը եւ իր գործակիցներէն Գրիգոր Թերզեանը:

Վեհափառ հայրապետը հայերէնով եւ ֆրանսերէնով խօսք առնելով` բարձր գնահատեց Նորտիկեանի աւելի քան 35 տարիներու մտաւորական վաստակը հայագիտութեան մարզին մէջ: Սրբատառ կոնդակին մէջ վեհափառ հայրապետը մատնանշելով անոր կատարած ծառայութիւնները ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորապէս Լիբանանի հայ համայնքին` ըսաւ. «Ձեր մասնագիտութիւնը Լիբանանի մէջ ձեր առջեւ բացաւ աշխատանքի բազմատարած ու բազմաճիւղ դաշտեր: Դուք ո՛չ միայն բազում պատասխանատու պաշտօններ ստանձնեցիք Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ, այլ նաեւ պրպտեցիք ու ստեղծագործեցիք` հրատարակելով ու խմբագրելով պատմութեան ու մշակոյթի, արուեստի ու հնագիտութեան առնչուած բազմաթիւ յօդուածներ ու հատորներ, որոնց շարքին` չորս կարեւոր գործեր առնչուած մեր ժողովուրդին: Ի մի խմբեցիք պատմական ու հնագիտական արժէք ունեցող արխիւային նիւթեր, հանդէս եկաք դասախօսութիւններով եւ կարեւոր նպաստ բերիք Լիբանանի տարածքին գործող թանգարաններու դասաւորման ու վերակազմաւորման: Եղաք ու կը շարունակէք մնալ անխոնջ աշխատող եւ առատ արտադրող գիտնական-մտաւորական, որուն մասին պերճախօս կերպով կը վկայեն ձեր տիրացած մրցանակները»:

Ընդգծելով Լեւոն Նորտիկեանի բերած նպաստը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին` վեհափառ հայրապետը շեշտեց անոր տարած աշխատանքը Սիսի կաթողիկոսարանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի ծրագիրներուն առնչուած. «Անհրաժեշտ է յատուկ կարեւորութեամբ արձանագրել այն երախտարժան իրագործումը, որ անմիջականօրէն առնչուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Արդարեւ, դուք եղաք առաջին անձը, որ կատարեցիք Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի մասնագիտական չափագրութիւնը եւ պատրաստեցիք նկարներ. ինչպէս նաեւ կարեւոր ներդրում ունեցաք «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի հիմնադրութեան ու դասաւորման մէջ»:

Պարգեւատրման հանդիսութեան ներկայ էին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի նախագահը, դասախօսներ եւ հայ, ֆրանսացի ու լիբանանցի մտաւորականներ:

Աւարտին, դոկտ. Նորտիկեան իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, ինչպէս նաեւ ողջունեց հայ մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառին մէջ վեհափառ հայրապետին ղեկավարութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կատարած իրագործումներն ու ներդրումները: