Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հետեւի Վենեզուելայի Հայ Գաղութի Իրավիճակին

Սփիւռք

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կը հետեւի վերջին օրերուն Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած կացութեան զարգացումներուն եւ այդ ծիրին մէջ հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Արդարեւ, Շաբաթ, 2 Փետրուար 2019-ին, վեհափառ հայրապետը հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կապ հաստատեց Վենեզուելայի հոգեւոր տեսուչ Կոմիտաս արք. Օհանեանի եւ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ վրդ. Ղարախանեանին հետ: Անոնք վեհափառ հայրապետին պարզեցին ստեղծուած կացութեան զանազան երեսները, յատկապէս քաղաքական զարգացումները եւ ժողովրդային ցոյցերը: Վեհափառ հայրապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ մեր համայնքին առնչուած դժուարութիւններուն: