Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած Խորհրդաժողով՝ Նոր Ջուղայի Մէջ

Սփիւռք
Հայ Դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Արցախեան շարժման 30-ամեակին առիթով, Ուրբաթ՝ Փետրւար 1-ի առաւօտեան,  Հայ Դատի յանձնախումբի կեդրոնատեղիի սրահին մէջ (Նոր Ջուղա) տեղի ունեցաւ «Արցախեան շարժման 30-ամեակ՝ պատմութիւն, իրավիճակ եւ հեռանկարներ» խորագիրով խորհրդաժողովը, ուր մասնագիտական ելոյթներ ծաւալեցին Արցախէն, Թեհրանէն եւ Նոր Ջուղայէն զեկուցաբերներ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Նոր Ջուղայի թղթակիցը:

Շուրջ վեց ժամ տեւողութեամբ խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ կազմակերպիչ յանձնախումբին խօսքով, որ ընթերցեց Միգանուշ Տէր-Մարտիրոսեան։ Խօսքին մէջ յատկապէս ընդգծուած էր. «Հիմնահարցը արդարացի լուծման հանգրուանին հասցնելու անհրաժեշտ ներուժը գոյութիւն ունի Ղարաբաղի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ … Արցախի ազատագրումով հիմնական քայլեր ձեռնարկուած են միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանի կերտման ուղղութեամբ։ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրով եւ սահմանադրութեամբ ամրագրուած Անկախ պետականութեան կարգավիճակն ու տարածքային ամբողջականութիւնը անսակարկելի են»։

Այնուհետեւ, ներկաներուն իր հայրական պատգամը ուղղեց Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սիփան եպս. Քէչէճեան, որ գնահատելով կազմակեպիչներուն մտայղացումը Արցախին նուիրուած խորհրդաժողովի կազմակեպման համար, հայրենիքի այս բեկորը հայ ժողովուրդի մեծագոյն արժէքներէն համարեց եւ ըսաւ, որ Արցախի բռնագրաուած հողերու վերադարձով իրականացաւ համայն հայութեան երազանքը եւ փաստուեցաւ, որ միասնական հայ ժողովուրդը վստահելով իր կամքին ու հաւատքին կրնայ վերատիրանալ իր կորուսեալ հողերուն։ Սրբազան Հայրը իր խօսքի աւարտին՝ գնահատելով զեկուցաբերներուն կատարած աշխատանքը՝ ժողովականները Արցախի պատմականին, ներկային, դերին ու կարեւորութեան հաղորդ դարձնելու համար՝ յաջողութիւն մաղթեց խորհրդաժողովին։

Բացման խօսքերէն ետք՝ խորհրդաժողովի դիւանը անցաւ իր աշխատանքին՝ Աշոտ Դաւթեանի նախագահութեամբ եւ Մանիա Ղուկասեանի քարտուղարութեամբ։ Դիւանը բոլորը հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Արցախեան ազատագրական պայքարի ճանապարհին նահատակուած հերոսներուն յիշատակը, ապա՝ շնորհաւորելով հայոց բանակի 27-ամեակին առիթով՝ հրաւիրեց զեկուցաբերները ներկայացնելու իրենց նիւթերը, որոնք ըստ ժամանակացոյցի դասախօսութիւն ծաւալեցին հետեւեալ թեմաներուն շուրջ.

Վարուժ Մովսիսեան (պատմութեան մասնագէտ, Սպահանի հայոց թեմի Կրօնական խորհուրդի ատենապետ-Նոր Ջուղա)՝ «Արցախի մասին յիշատակուած փաստեր՝ հին արձանագրութիւններու մէջ մինչեւ 1923 թուականը՝ Ատրպէյճանի կազմին մէջ ընդգրկուիլը».

Թաթուլ Օհանեան (յօդուածագիր, Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ-Նոր Ջուղա)՝ «Արցախի հանրապետութիւն. բնակչութիւն, վարչատարածքային բաժանում, պետական կառոյց».

Արամ Շահնազարեան՝ (յօդուածագիր, «Ալիք» օրաթերթի կայքէջի պատասխանատու-խմբագիր-Թեհրան)՝ Արցախեան շարժման սկզբնաւորման պատճառները եւ ազատամարտի ձեւաւորումը.

Դոկտ. Կարէն Խանլարեան (համալսարանի դասախօս, Իսլ. խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր-Թեհրան)՝ «Պատմական իրաւունք. Արցախն ըստ իսլամական աղբիւրներու».

Սեւակ Խաչատրեան (Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արցախի Կեդ. կոմիտէի անդամ-Արցախի Հանրապետութիւն)՝ «Արցախեան հակամարտութեան մերօրեայ զարգացումները, հիմնախնդրի բանակցային գործընթացը եւ կարգաւորման հեռանկարը».

Սոնիկ Բաղումեան (քաղաքական փորձագէտ, Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի անդամ-Նոր Ջուղա)՝ «Հայաստանի եւ Սփիւռքի դերը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ».

Հարկ է նշել, որ ընթացքին ներկաներուն առիթ ընձեռուեցաւ յուզող հարցերու պատասխանները ստանալու զեկուցաբերներէն եւ յայտնելու իրենց տեսակէտները։

Խորհրդաժողովին ներկայ էին նաեւ քահանայ հայրեր, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ, Սպահանի հայոց թեմի ազգային մարմիններու, միութիւններու եւ դպրոցներու ներկայացուցիչներ եւ Նոր Ջուղայէն ու Շահինշահրէն ժողովուրդ։

Ծրագիրի ընդունելութեան բաժինի կազմակերպման համար՝ «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբի հետ համագործակցած էր Նոր Ջուղայի Հայ Կանանց Գթութեան միութիւնը։