Որպէսզի Հայաստանի Կողմէ Կատարուելիք Օժանդակութիւնները Օգտաշատ Ըլլան. Հեռաձայնային Խորհրդակցութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ ՀՀ Վարչապետի Միջեւ

Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը: Վարչապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս պայթումէն ետք Լիբանանի պարզած ներկայ […]

Լիբանանի Հայութիւն, Մեր Ողջ Ազգը Քեզի՛ Հետ Է: Լիբանանի Հայութեան Հզօրացումը Հայաստանի ու Սփիւռքի Հզօրացումն Է. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ս. Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մօտ […]

Ոչ Եւս է Հալէպահայ Երիտասարդ Ազգային Գործիչ Յուշիկ Ղազարեան

Օգոստոս 9-ին, անողոք ու յանկարծահաս մահը խլեց հալէպահայ երիտասարդ ազգային գործիչ, գրող Յուշիկ Ղազարեանի կեանքը։ Ցնցուած են Յուշիկին ծանօթ բոլոր բարեկամներն ու յատկապէս ողջ հալէպահայութիւնը։    Յուշիկ Ղազարեան իր երիտասարդ […]

Պէյրութի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումին Հետևանքով Զոհուած Հայերուն Թիւը Հասաւ 13-ի

Պէյրութի մէջ Օգոստոս 4-ին տեղի ունեցած պայթումին հետևանքով զոհուած հայերուն թիւը հասաւ 13-ի: “Արմենփրես”-ի հետ զրույցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան: «Քիչ առաջ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն փոխանցեցին, որ […]

Հայ Դատը Կը Ջանայ Ամերիկեան Աջակցութիւն Ապահովել Լիբանանին

Այս շաբաթ Պէյրութը ցնցած ահաւոր պայթումէն անմիջապէս ետք, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը աշխատանքի լծուեցաւ Սպիտակ տունէն եւ Քոնկրեսէն աջակցութիւն ապահովելու համար Լիբանանին։ Այս նպատակով հաստատուած կայքէջին միջոցաւ ձեր քաղաքական ներկայացուցիչներուն […]

Հայ Ազգային Եւ Եկեղեցական Կառոյցներու Համախմբուած Գործողութիւնները Զօրեղ Աջակցութիւն Պիտի Ըլլան՝ Յաղթահարելու Այս Ճգնաժամը

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակ յղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։ «Ցնցուած եմ ու խոր ցաւ կ՝ապրիմ […]

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Իր Զօրակցութիւնը Յայտնեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

Հինգշաբթի, 6 Օգոստոս 2020-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան նամակով եւ հեռաձայնային կապ հաստատելով Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Ս. Արք. Փանոսեանի […]

Կոչ՝ Զօրակցելու Լիբանանի Մեր Հայրենակիցներուն

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ 4 Օգոստոսին պատահած աղիտալի պայթումին պատճառով յառաջացած մարդկային, ընկերային եւ տնտեսական ճգնաժամին ի տես՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը (PAC-WUSA) որոշած է անյապաղ ձեռնարկել շտապ օգնութեան աշխատանքներու՝ յատուկ […]

Հայ Դատի Յանձնախումբը Լիբանանի Օժանդակութեան Գծով Նամակ Յղեց Գանատայի Վարչապետին

Օգոստոս 5 թուակիր նամակով մը, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ յղեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին, նամակին մէջ նշելով Գանատայի հայ համայնքի ակնկալութիւնը Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան կողմէ Լիբանանի աղէտին առնչուող շտապ […]

ՀՅԴ Իրանի Հարաւային Շրջանը Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Լիբանանահայութեան

ՀՅԴ Իրանի Հարաւային շրջանի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ լիբանանահայութեան` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ անոր պատճառով արձանագրուած զոհերուն եւ վնասներուն առնչութեամբ: Յայտարարութեան մէջ […]