150,000,000 ԼՈ Նուիրատուութեամբ Երջօ Սամուէլեան Դարձեալ Կը Զօրակցի Լիբանանահայութեան

Սփիւռք

Հանրածանօթ բարերար Երջօ Սամուէլեան, Ազգային առաջնորդարանին ճամբով դարձեալ լիբանանահայութեան օժանդակութեան գործին կը յատկացնէ 150,000, 000 լիբանանեան ոսկիի սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը:

Բարերարին փափաքով, նշեալ գումարը պիտի բաշխուի հետեւեալ եղանակով.

– 50,000,000 լ. ո.՝ Ազգային առաջնորդարանի «Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիր»ին

– 50,000,000 լ. ո.՝ «Զուարթնոց» կեդրոնին

– 50,000,000 լ. ո.՝ Ազգային ծերանոցին

Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը եւ Ազգային վարչութիւնը սրտագին շնորհակալութիւն կը յայտնեն բարերարին եւ բարձրօրէն կը գնահատեն Ազգային առաջնորդարանին ու լիբանանահայութեան հանդէպ անոր ցուցաբերած յոյժ գնահատելի շարունակական զօրակցութիւնը:

ԴԻՒԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ