1-2 Տասնեակ Օդանաւային Ընկերութիւններ Պիտի Վերսկսին Դէպի Հայաստան Կանոնաւոր Թռիչքներու

Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ դէպի Հայաստան կանոնաւոր թռիչքներու վերականգնման կարելիութեան՝ դիտել տալով, որ Սեպտեմբերին արդէն քանի մը տասնեակ ընկերութիւններ պիտի վերսկսին գործել։

«Քաղաքացիական աւիացիայի վարչութիւնը յայտեր կը հաւաքէ, թէ որ օդանաւային ընկերութիւնները կը պատրաստուին վերականգնել դէպի Հայաստան կանոնաւոր չուերթերը: Որքան կը հասկնամ, շատ շուտով՝ արդէն Սեպտեմբերին, գոնէ մէկ-երկու տասնեակ ընկերութիւն պիտի վերսկսի կանոնաւոր չուերթները դէպի Հայաստան: Մեկուսացման դրութեան հետ կապուած փոփոխութիւններ իրականացուցած ենք, եւ արտերկրից ժամանած քաղաքացիները, որոնք չեն ուզեր մեկուսացման մէջ մնալ 14 օր, կրնան տեղւոյն վրայ
քննութիւն յանձնել եւ մէկ օրուան մէջ անոնց պատասխանները կ՛ըկկան: Եթէ անոնք բացասական ըլլան, ապա մարդիկ կրնան մեկուսացում չանցնիլ»,- “Արմենփրես”-ի փոխանցմամբ՝ նշած է Նիկոլ Փաշինեան: