«Քեզի Համար՝ Պէյրութ» Համերգը՝ Սեպտեմբեր 19-ին

Սփիւռք

Պէյրութի պայթումին հետեւանքով, Սփիւռքը իբրեւ մէկ ազգի ու մէկ մեծ ընտանիքի զաւակներ՝ կը շարունակէ օժանդակել տագնապահար պէյրութաբնակ մեր հայրենակիցներուն: Վստահաբար տեղեակ էք նաեւ, որ ընդհանուր աւերին մէջ, անգործածելի դարձած են մեր կեդրոնները եւս, ուրկէ աւիւն ու ոգի կը ներարկուէին աշխարհասփիւռ հայութեան, քանդուած է «Շաղզոյեան» կեդրոնը, ուր կը գտնուին «Բագին»ի հրատարակչատունը, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահը եւ Համազգայինի գրատունը, հսկայ վնասներ կրած է Շրջանայինի կեդրոնատեղին, ու վիրաւոր են մեծաթիւ նուիրեալներ եւ համազգայնականներ:

Համազգայինը՝ Արեւմտեան մեր ափին, ընդառաջելով խումբ մը հայ արուեստագէտներու փափաքին, նախաձեռնած է առցանց համերգ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 19-ի երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, սիրայօժար մասնակցութեամբ զանազան երկիրներէ հանրածանօթ երգիչներու: Համերգը պիտի սփռուի Համազգայինի «Հարթակ»-էն եւ Դիմատետրէն՝, «Ասպարէզ»-ի Դիմատետրէն, «Հորիզոն»-էն, եւ այլ միջոցներով:

Կազմակերպած ենք նաեւ ընթրիք հաւաք մը՝ նոյն օրը եւ նոյն ժամուն, Փասատինայի Հայ կեդրոնի շրջափակին մէջ: Մանրամասնութիւնները կը փոխանցեն կազմի ընկերները:

Կը դիմենք ձեզի սիրելիներ, որ կարելիութեան սահմաններուն մէջ զօրակցութիւն յայտնէք այս նախաձեռնութեան եւ ձեր նուիրատուութիւններէն բաժին հանէք մշակութանուէր ծրագիրներու եւս, ինչպէս նաեւ փոխանցէք ձեռնարկին մասին ձեր շրջանակին: Որեւէ գումարի նուիրատուութիւն մեծապէս պիտի նպաստէ, որ կեանքի վերակոչենք մեր գաղութը, նորէն հնչեն մեր երգչախումբերը, կրկին բարձր թռիչքներով հանդէս գան մեր պարախումբերը, դարձեալ բեմերը հարստանան թատերախաղերով ու վերստին մեղուափեթակ դառնան մեր կեդրոնատեղիներն ու գրասենեակները: Միասնաբար, նաեւ երգելով պիտի վերակառուցենք: Մենք յաւերժ ենք մեր մշակոյթով:

Նուիրատուութիւնները կատարել գլխաւորաբարHamazkayin.com/donate յղումին կամ չէքով: (Made payable to Hamazkayin – 407 E. Colorado St., Glendale, CA 91205):

Նախընտրելի է որ նուիրատութիւնները մեզի շուտ հասնին, որպէսզի յայտարարուին տեղի ունենալիք համերգին ընթացքին:

Կանխայայտ շնորհակալութիւն ձեր սատարումին ու գործակցութեան համար: