«Նայիրի» Համացանցային Բառարաններու Կայքը Թողարկած է Հայերէն Ուղղագրիչ-Ստեղնաշար Ծրագիրը

Այլեւայլ, Սփիւռք

Nayiti.com բառարաններու կայքը կը տեղեկացնէ, որ Nayiriboard (կամ «Նայիրի-Ստեղն») հայերէն ուղղագրիչ-ստեղնաշարը արդէն առկայ է App Store-ին մէջ և ձեր iPhone և iPad-ներուն համար կրնաք արդէն այն անվճար ներբեռնել։

Nayiriboard-ի միջոցաւ կրնաք որեւէ ծրագրի (App-ի) մէջ հայերէն գրել և զուգահեռաբար ստուգել ձեր ուղղագրութիւնը։ Օրինակի համար՝ Messages-ով, Messenger-ով կամ WhatsApp-ով նամակ մը գրելու ատեն, Facebook-ով կարգավիճակ մը խմբագրելու ընթացքին, կամ Notes-ի մէջ գրառում մը շարադրելու ժամանակ։

Ներկայիս 1.0 տարբերակը աւանդական ուղղագրութեամբ կը գործէ՝ հաւասարապէս ընդգրկելով արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի ձեւաբանական կանոնները։ Աւելի քան 150,000 բառոյթ (lexeme) եւ հինգ միլիոն բառաձեւ կը ներառեն հայերէն բառապաշարի գրեթէ ամբողջ ծաւալը։

Ներկայիս տարբերակը յատկապէ՛ս միտուած է դէպի արեւմտահայերէնին՝ ունենալով արեւմտահայերէնի համապատասխան ստեղնաշար։ Յառաջիկայ թողարկումով՝ մեր Հայաստանաբնակ հայրենակիցներուն համար կ՚աւելցնենք նաեւ «արդի» ուղղագրութեան ընտրանք, ինչպէս նաեւ զանազան ստեղնաշարեր ընտրելու հնարաւորութիւն։

NayiriBoard-ը անվճար է, կը գործէ iOS հեռախօսային համակարգէն ներս եւ կրնաք այն անվճար ձեռք բերել Apple ընկերութեան App Store-էն՝ հետեւեալ յղումը սեղմելով ― https://apps.apple.com/us/app/nayiriboard/id1515398679

Ծրագիրը հովանաւորած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը։