Գիւմրին Պիտի Կ՛աջակցի Լիբանանահայերուն

Հայաստան, Սփիւռք

Գիւմրին 1 միլիոն դրամ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Պէյրութի մէջ պատահած պայթումին պատճառով տուժած Լիբանանի հայ համայնքին։ Սոյն որոշումը տուաւ քաղաքի աւագանին:

Գումարը պիտի տրամադրուի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին՝ իբրեւ նուիրատուութիւն, որ իր կարգին պիտի ուղղէ այդ նպատակին:

«Սա այն դէպքն է, որ բոլորս միաձայն կողմ ենք աջակցելուն: Նոյնիսկ 1 միլիոն դրամն է քիչ, բայց մեր ամավարկը հիմա այս հնարաւորութիւնը ունի, եթէ կարենանք այդ գումարը նորէն կ՛աւելացնենք», -ըսաւ Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան: