Հայաստան Հիմնադրամը Շուրջ 70 Հազար Տոլարի Աջակցութիւն Տրամադրած է Սուրիահայերուն

Հայաստան, Սփիւռք

 Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան յանձնեց շուրջ 70,000 տոլար, որ պիտի փոխանցուի Սուրիոյ հայրենակիցներուն` «Քորոնա» ժահրին պատճառով անոնց ունեցած ծանր առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը մեղմացնելու նպատակով: Այս մասին յայտնեցին Հայաստան Համահայկական հիմնադրամէն:

Նուիրուած հանգանակութիւնը համամասնաբար բաշխուած է՝  30,000 տոլար Սուրիոյ մէջ հայկական կրթական հաստատութիւններու 502 ուսուցիչիներուն, ինչպէս նաեւ սպասարկող անձնակազմերու 42 անդամներու:

Նոյն ժամանակ, ընդհանուր 40,000 տոլարի օժանդակութիւն տրամադրուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ Սուրիոյ մէջ բուժում ստացող մեր հայրենակիցներուն: Նշենք, որ հանգանակուած գումարները յատկացուած են ««Քորոնա» Հայաստան․ Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաք-արշաւէն գոյացած ֆոնտէն:

«Հայապահպանման նուիրական իր առաքելութեան համահունչ` Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը մշտապէս մեր հայրենակիցների կողքին է», յայտնեց հիմնադրամը: