Category: Սփիւռք
Կը պահանջենք ՀՀ Վարչապետի Անցնցում Հեռանալը Իշխանութիւնէն. Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային ՄիութեանԳանատայի Շրջանային Վարչութիւնը պաշտօնական նամակ մը յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանին զորս կը ներկայացնենք ստորեւ։ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ […]
ՀՀ Նախագահը Նամակ Յղած է Վլատիմիր Փութինին
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը ազրպէյճանական կողմին մէջ գտնուող ռազմագերիներու, պատանդներու վերադարձին հարցով դիմած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ […]
Բոլորս Արցախին Համար. (Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Գ.Խաչի Կոչին Առիթով)
Ռազմական պարտութեան ֆոնին վրայ, նոյնքան եւ աւելի աղէտալի դարձած է համատարած մարդասիրական ողբերգութիւնը, որ այսօր Արցախը կանգնեցուցած է սուր ճգնաժամին առջեւ։ Տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ, այլեւս հայրենազուրկ եւ տնազուրկ, ապաստան գտած […]
Հեռուստամարաթոն 2020-ի Իբրեւ Արդիւնք Հանգանակուած է 22.990.898 ԱՄՆ Տոլար
Գոհաբանութեան օրը, Նոյեմբեր 26-ին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած է 23–րդ ամենամեայ Հեռուստամարաթոնը, որուն կարգախօսն էր «Համախմբուածութիւն, ուժ, հաւատք»: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ հաշուի առնելով հայրենիքի մէջ ստեղծուած […]
Ցեղասպանութիւնը Ընդունած Փաստաբանները Կը Դատուին
Տիգրանակերտի Փաստաբաններու կաճառի նախկին նախագահ Ահմետ Էօզմեն եւ նախորդ վարչութեան բոլոր անդամները կը դատուին իրենց պաշտօնէութեան շրջանին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օրերուն կատարած իրենց յայտարարութիւններուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը։ […]
Թուրք Նախարարի եւ Հայ Պատգամաւորի Հարցուպատասխանը Արցախի Թեմայով
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը արտաքին գործոց նախարարութեան 2021-ի պիւտճէի քննարկման ժամանակ քննադատած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը արցախեան հակամարտութեան հարցով։ Փայլան նշած է, թէ ինքը երազանք մը ունի, որ […]
Մեր Ժողովուրդը Կարիքը Ունի Հայրենասէր ու Բարոյական Կորով Ունեցող Նոր ու Վստահելի Ղեկավարներու. Հաղորդագրութիւն
Կիրակի, 22 նոյեմբեր 2020-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը եւ Կրօնական ժողովը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստանի դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ: Տեսակցութեան աւարտին Ազգային իշխանութեանց անունով հետեւեալ […]
Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի Ֆոնէթոնին Հանգանակուեցաւ 2․1 Միլիոն Եուրօ
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղին՝ Հայկական հիմնադրամի հանգանակութեան տարեկան արշաւին՝ Ֆոնէթոնին, ընթացքին կատարուած է 2․1 միլիոն եուրոյի խոստում, ինչ որ 2019-ի Ֆոնէթոնին բաղդատմամբ 91 տոկոսով աճ մըն է։ Այս մասին […]
ՀՀ Նախագահը Ամմանի Մէջ Հանդիպած Յորդանանի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Աշխատանքային այցով Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան մէջ գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ հանդիպում ունեցած է Յորդանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։ Անդրադառնալով այցին ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն՝ Հայաստանի […]
Շուշիի Թանգարանէն Դուրս Պիտի Հանուին Արուեստի Բազմաթիւ Գործեր
Իտալահայ քանդակագործ Վիգէն Աւետիսը դիմած է ՀՀ Հանրային խորհուրդին՝ աջակցելու իրեն Շուշիի թանգարանէն դուրս հանելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք տեղափոխելու արուեստի բազմաթիւ գործեր, որոնք մաս կը կազմեն նշանակալի ժառանգութեան: Հանրային […]










