ՀԲԸՄ-ը Կը Յայտարարէ Արցախեան Թեմաներով Հետազօտութիւններու Դրամաշնորհային Նախաձեռնութեան Մասին. Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Ի արձագանգ արցախեան պատերազմին, անոր յաջորդած լրատուական հակամարտութեան, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով գիտական հետազօտութիւններու եւ վերլուծութեան անժխտելի հրամայականը, ՀԲԸՄ-ը կը յայտարարէ Արցախի վերաբերեալ հետազօտութիւններու դրամաշնորհային ծրագիրի մեկնարկին մասին: Այս նորաստեղծ նախաձեռնութեան ծիրէն ներս պիտի բարձրացուի իրազեկութիւնը եւ իմացութիւնը Արցախի մասին՝ ընդլայնելով տարածաշրջանի պատմութեան, մշակոյթի ու ներկայ իրավիճակի մասին տեղեկատւութեան ինչպէս ընթացիկ, այնպէս ալ գիտական հասանելիութիւնը՝ տեղեկատուական այդ հոսքը հասցնելով հանրութեան: ՀԲԸՄ դրամաշնորհի միջոցով պիտի հարստացուի արցախեան թեմաներով հետազօտութիւններու արժէքը՝ արդէն իսկ առկայ առաջնային նիւթերն ու ճշգրիտ տուեալները համալրելով իւրօրինակ հրապարակուած աշխատութիւններով՝ առաջատար հետազօտութիւններու եւ առկայ այլ հրատարակութիւններու օգնութեամբ:

«Այս դրամաշնորհի ակունքներուն մէջ գիտելիքի վրայ հիմնուած ինքնութեան ձեւաւորման գաղափարն է»,- ըսաւ ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ կրթական հարցերով պատասխանատու Լենա Սարգսեան: «Դրամաշնորհային ծրագիրը հաստատուած է ամրապնդելու հետազօտական այն հմտութիւններն ու մեթոտները, որոնք կ՝օգնեն յղկել հայկական ինքնութիւնը եւ աւելի լաւ ընկալել հայկական իրականութիւնը, բարձրացնել իրազեկութիւնը եւ ձեւաւորել Հայաստանի եւ Արցախի ճանաչողութեան հաւաստի գիտելիքներու ամբողջութիւն: Մենք կ՝ուզենք տնօրինել եւ աշխարհին ներկայացնել մեր պատմութիւնը՝ զայն համալրելով որակեալ տուեալներով, ճշգրտուած աղբիւրներով եւ տեղւոյն վրայ իրականացուած հետազօտութիւններով, որոնք պիտի դիմանան ժամանակի փորձութեան»:

Դրամաշնորհը ստանալու համար կրնան դիմել բոլոր սերունդներու ուսանողներն ու գիտնականները: Ասպիրանտներու, ակադեմիկոսներու, հետազօտողներու, ետդոկտորական աստիճան հայցողներու, անկախ յօդուածագիրներու, ազատ լրագրողներու եւ Արցախի հարցերով մասնագիտանալու եւ զայն ճանչնալու հարցով շահագրգիռ այլ անձանց յայտերը կ՝ողջունուին:

Հետազօտութիւնը, ի թիւս այլ ուղղութիւններու, կրնայ ըլլալ պատմական եւ/կամ ժամանակակից աշխատութիւն, որուն մէջ պիտի ուսումնասիրուին տարածաշրջանի անցեալի, ներկայի ու ապագայի ընկերային, մշակութային, հոգեբանական, իրաւական, տնտեսական, արհեստագիտական, մարդասիրական եւ բնապահպանական հարցերը: Հրապարակուած գործեր կրնան համարուիլ յօդուածները, զեկոյցները, ակնարկները, ինչպէս նաեւ բարձրորակ տեսանիւթերն ու «փոդքասթ»երը:

Դրամաշնորհային ծրագիրի յայտերը պէտք է ներառեն նախապէս հրապարակուած աշխատութիւններու օրինակներ, ինքնակենսագրական, ինչպէս նաեւ առաջարկուող պիւտճէ՝ տեղւոյն վրայ իրականացուելիք հետազօտական ծրագիրի ռազմավարութեան նկարագրութեամբ: Ծրագրերը եւ կատարուած աշխատանքները կրնան ներկայացուիլ անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն կամ ռուսերէն:

Յայտերը կ՝ընդունուին անգլերէն մինչեւ 2021թ. Ապրիլ 30:

ՀԲԸՄ արցախեան թեմաներով հետազօտութիւններու դրամաշնորհային նախաձեռնութեան մասին յաւելեալ տեղեկատւութեան համար այցելէ՛ք այստեղ. www.agbu.org/artsakhgrants

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) Սփիւռքի հնագոյն, համաժողովրդական եւ համահայկական կազմակերպութիւնն է: Հիմնուած ըլլալով 1906-ին՝ ՀԲԸՄ-ի գլխամասային գրասենեակը կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ: ՀԲԸՄ-ը կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագրերու միջոցով կը պահպանէ եւ կը զարգացնէ հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը՝ իւրաքանչիւր տարի ազդեցութիւն ունենալով աշխարհով մէկ սփռուած շուրջ 500,000 հայերու կեանքին վրայ:

ՀԲԸՄ-ի եւ իր աշխարհասփիւռ ծրագրերու մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար կրնաք այցելել՝ www.agbu.org:

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը