Թափանցումը Որպէս Տիրապետութեան Ուղիղ Ճանապարհ. Վաչէ Բրուտեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ա.Նախաբան

1920ին, բրիտանական գաղտնի սպասարկութեան «աստղ»երէն Սիտնի Ռալի (բուն անունով Սիտնի Պլումընթալ), դէպի նորաստեղծ Խորհրդային Ռուսիա իր առաքելութենէն կը վերադառնայ տուն, Լոնտոն։ Կ՚ապշի, երբ կը տեսնէ թէ բնակարանը տակնուվրայ վիճակի մէջ է։ Խորհրդային նորաստեղծ Չեկայի գործակալները հասեր-մտեր էին Լոնտոնի իր բնակարանը եւ ամէն անկիւն խառնշտկած էին, յուսալով փաստաթուղթեր գտնել։ Հազիւ 2 տարուան կեանք ունեցող Չեկան արդէն իսկ յայտնաբերած էր զինք, գտած էր Լոնտոնի իր տունը, ապա գաղտնաբար մտած եւ խուզարկած էր…

Սիտնի Ռալի նոր խորհրդայնացած Ռուսիա ուղարկուած էր, որպէսզի հակաբոլշեւիկ ըմբոստութիւններ յառաջացնէ՝ ի հարկին նոր վարչակարգը տապալելու նպատակով։ Իր այս գործունէութեան ծիրէն ներս, ան Փարիզի մէջ, համադրումի նպատակով, հանդիպում մը կ՚ունենայ ռուս «էմիկրէ»ներու հիմնած «Թրասթ» կազմակերպութեան հետ, որուն հիմնական գործն էր գումարներ հանգանակել եւ ուղարկել Ռուսիոյ հակաբոլշեւիկ տարրերուն, ֆինանսաւորելու համար անոնց գործունէութիւնը։ Սակայն Սիտնի Ռալի, հետախոյզի իր բնազդով եւ սրատեսութեամբ, շուտով կը յայտնաբերէ, թէ «Թրասթ»ը թափանցուած է Չեկային կողմէ ու անոր հանգանակած գումարները ի վերջոյ կը հասնէին… Մոսկուա՝ Ֆելիքս Ձերժինսկիին, որ այս ձեւով մասամբ կը լուծէր իր ղեկավարութեան յանձնուած Չեկային ֆինանսաւորումը։

Վերջ նախաբանի։Մեծերը Ու Անոնց Գործը «Խանգարող» Փոքրերը

Այդ թուականներուն, աւելի ճշգրիտ՝ 1923ին, Լօզանի դաշնագրով, Եւրոպա-Փոքր Ասիա-Մ. Արեւելք տարածաշրջանները թեւակոխեցին «կայունութեան» եւ «խաղաղութեան» փուլ մը, երբ ի վերջոյ ստեղծուեցաւ ուժերու նոր հաւասարակշռութիւն մը։ Մեծերն ու իրենց տեղական դաշնակիցները իրարու միջեւ բաժնեցին այս աշխարհը։ Թուրքիան ստացաւ իր ուզածը, խորհրդային իշխանութիւնները Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագրերով արդէն իսկ կայունութիւն ստեղծած էին Թուրքիոյ հետ 1921ին. իսկ Մ. Արեւելքը բաժնուած էր Ֆրանսայի ու Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ։

Այս փուլը սակայն հայութեան ու Հայաստանի համար նպաստաւոր չէր, որովհետեւ կը նուիրականացնէր մեր հողերու կորուստը առաջին հերթին ի շահ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի։

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որ Փետրուարեան ապստամբութեան պարտութենէն վերջ դարձաւ վտարանդի, լծուեցաւ նորակազմ Սփիւռքի կազմակերպումին, մի՛շտ փայփայելով մեր իրաւունքներուն վերատիրացման նպատակը։ Այս կէտը սոսկ ծրագրային չէր, այլ՝ ունեցաւ իր ռազմավարական-գործնական արտայայտութիւն, երբ 1927ին, Լիբանանի մէջ կնքուեցաւ համաձայնագիր քրտական անկախական «Հոյբուն» կազմակերպութեան եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան միջեւ (Այս մասին տեսնել Արամ Սաիյեանի «Արարատի 1926-30 ապստամբութիւնը Հ.Յ.Դաշնակցութիւն-Հոյբուն համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային զարգացումների համատեքստում», լոյս տեսած «Վէմ»ի 2014 Նոյենբերի համարին, ինչպէս նաեւ «Հորիզոն»ի 2015ի յատուկ յաւելուածին մէջ)։

Այս համաձայնագիրը կը ձգտէր Սեւրի դաշնագրի տրամադրութեան համաձայն ստեղծելու անկախ Քիւրտիստան մը, ձգտելով միաժամանակ խափանելու փանթրքական ծրագիրները եւ տկարացնելու Թուրքիան՝ հայկական հողերը վերստին ազատագրելու հեռանկարով։

Գետնի վրայ, հայ-քրտական այս զինակցութիւնը գործնապէս եւ քաղաքականօրէն կը զօրակցէր քրտական Արարատեան ապստամբութեան, որ այդ օրերուն սկսած էր Խ. Հայաստանի արեւմտեան եւ հարաւ-արեւմտեան սահմաններէն անդին։
Հայ քաղաքական միտքի փայլուն ներկայացուցիչներ այդ օրերուն լծուած էին քրտական ապստամբութեան օժանդակութեան գործին՝ ինչպէս Ռուբէն (Տէր Մինասեան), Կոմս (Վահան Փափազեան) եւ Կարօ Սասունի։ Պարսկաստանի վրայով կ՚ուղարկուէր մարդուժ, զէնք-զինամերք, գումար՝ միաժամանակ Պարսկաստանի իշխանութիւններուն հետ վարելով նուրբ բանակցութիւններ։ Գործնական քայլեր առնուեցան Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան միջոցով մարդուժ տրամադրելու այս ապստամբութեան, ապահովելու համար ապստամբութեան հիւիսային ճակատը։

Խորհրդային իշխանութիւնները բնականաբար հաշտ աչքով չէին դիտեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան այս ճիգերը եւ քայլերը, որոնք տեղի կ՚ունենային խորհրդային-թրքական սահմաններուն վրայ։
Խորհրդային իշխանութիւնները Դաշնակցութեան գործունէութեամբ «մտահոգուելու» այլ պատճառ մը եւս ունէին, այդ ալ Սփիւռքի կազմակերպումի գործն էր, ինչ որ գործնապէս (եւ ըստ ահմանումի իսկ) կը խափանէր սփիւռքահայութեան մէջ խորհրդային ազդեցութիւնը տարածելու, ընդարձակելու իրենց ճիգերը։

Սփիւռքի մէջ, Դաշնակցութիւնը սկսած էր զարկ տալու հայկական հաւաքական, կազմակերպ կեանքին, միութիւններու, դպրոցական ցանցի, իր իսկ կազմակերպական ցանցի ուժեղացումին ճամբով։

Հետեւաբար, «պատահականութեան» արդիւնք չէր, որ «յանկարծ» Ֆրանսայի մէջ (ուր կը գտնուէր Հ.Յ.Դ. Բիւրոն) եւ Դաշնակցութեան շրջանակէն ներս, սկսաւ «դժգոհութեան» եւ «ըմբոստացումի» շարժում մը, ընդդէմ կուսակցութեան բարձրագոյն ղեկավար մարմինին՝ Բիւրոյին. այս մէկը ծանօթ է Մարտկոցական շարժում անունով, «Մարտկոց» թերթին հետեւութեամբ։ Ինչպէս նման շարժումներ, այս մէկը եւս ունէր իր առաջին, երկրորդ եւ երրորդ օղակները։ Առաւել, այս շարժումը եւս շղարշուած էր գաղափարական-վարքագծային ծածկոյթով, սակայն հիմնական թիրախը կուսակցութեան ղեկավար մարմինն ու անոր մաս կազմող անձերն էին։ Այսինքն, այն ղեկավար մարմինը, որ առաջնորդուելով կուակցութեան Ընդհանուր ժողովի որոշումներէն, կը փորձէր «խախտել» հայկական տարածաշրջանէն ներս հայ ժողուրդին շահերուն ի վնաս ստեղծուած ուժերու հաւասարակշռութիւնը՝ քրտական շարժումին զօրակցելու ճամբով, ինչպէս նաեւ «խանգարել» Սփիւռքէն ներս ՀՕԿի (Հայաստանի օգնութեան կոմիտէ) ճամբով ազդեցութեան գօտի ստեղծելու եւ ընդարձակելու խորհրդային իշխանութիւններուն ճիգերը։

Հետեւաբար, պէտք էր խանգարել… «խանգարողներուն» գործը։

Նման պարագաներու, պետութիւնները ունին եւ գործի կը դնեն իրենց ունեցած բոլոր լծակները, ինչպէս՝ գումարներ, յատուկ սպասարկութիւններ, համակիրներու ցանցեր ու թափանցումի այլ միջոցներ, շատ յաճախ այս բոլորին միաժամանակ գործածութեամբ ու համադրուած գործելաեղանակով։

Խորհրդային իշխանութիւնները իրենք եւս հետեւեցան այս դասական գործելաձեւին, Ֆրանսայի մէջ, ուր «օգտագործուողները» շատ յաճախ չէին անդրադառնար, որ հակահայ ինչպիսի սատանայական ուժեր առնչուած են «գործին»։ Կ՚օգտագործուէին, կը շահագործուէին անձերու շատ յաճախ անկեղծ ու բարի մտադրութիւնները, կը շահագործուէր քաղաքական մեծ պատկերը չտեսնողներու մեծ թիւ մը, որ երբեմն տարուած անհատական դժգոհանքներէ եւ անցեալէն եկած կաղապարումներէ, երբեմն ալ տարուած զուտ ներքին համակրանք-հակակրանքներէ, կը դառնար թէ՛ զոհը եւ թէ՛ ակամայ մասնակիցը իր արդիւնքով հայավնաս այս շարժումին։ Ու հոս է, որ պէտք է վերյիշել մեր յօդուածին սկիզբը նշուած Սիտնի Ռալիի տան՝ Չեկային կողմէ թափանցումի դրուագը, որպէսզի պատկերը դառնայ աւելի յստակ։ Կրնայ առարկուիլ՝ սկզբնական շրջանին Մարտկոցական շարժումին յարած տաղանդաւոր գրող Վազգէն Շուշանեանը խորհրդային սպասարկութիւններու գործակա՞լ… Բացարձակապէս ո՛չ։ Ինք պարզապէս տարուած ու խաբուած էր այդ շարժումին գաղափարական-վարքագծային շղարշէն (ինչպէս բազմաթիւ ուրիշներ) ու փաստօրէն, ինք հոգիով ու սրտով մնաց դաշնակցական, մինչեւ իր կանխահաս մահը։

Եզրակացնելով այս բաժինը.- Հ.Յ.Դ.-քրտական շարժում գործակցութեան յաջորդած Մարտկոցական շարժումը, Ֆրանսայի մէջ, ժամանակային պատահականութեան, կամ զուգադիպութեան հետեւանք չէր։ Այլ, փորձ մըն էր հարուածելու եւ տկարացնելու Դաշնակցութիւնը, որ «յանդգնած» էր պաշտպանելու-հետապնդելու մեր ժողովուրդին կենսական շահերը, իր նախաձեռնողական մտակառոյցով «յանդգնած» էր հետապնդելու հայոց հողային դատը՝ քրտական ապստամբութեան եւ անկախական շարժումին ամէն ձեւով օժանդակելու ճամբով , «յանդգնած» էր Եղեռնէն ճողոպրած եւ սփիւռք դարձած հարիւր հազարաւորներուն տալ ազգային դիմագիծ ու քաղաքական գիտակցութիւն ու զանոնք օժտել ազգային ինքնութեամբ։ Բայց մանաւանդ թոյլ չտալու, որ անոնք կոյր գործիքները դառնային խորհդային քարոզչութեան եւ ազդեցութեան գօտիին ընդարձակման՝ ի վնաս մեր ազգային իղձերուն։

Հասանք Մեր Օրերը

Դաշնակցութեան մէջ ներքին տարակարծութիւններ շահագործելով հայավնաս նպատակներ հետապնդելու գրեթէ նոյն մարտավարութիւնը օգտագործուեցաւ նորանկախ Հայաստանի առաջին նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանի վարչախումբին կողմէ՝ 1992էն սկսեալ (միտումնաւոր գործածեցինք «տարակարծութիւն» բառը. բայց այդ մասին՝ մեր յօդուածի աւարտին, Բ. մասով)։ Այդ օրերուն ալ մէջտեղ ելան իրենք զիրենք «մտահոգ դաշնակցականներ» կոչող անհատներ, ոմանք՝ մինչեւ իսկ նախկին Կեդր. Կոմիտէներու եւ Բիւրոյի անդամներ (յիշեցնենք, որ մարտկոցականներն ալ նուազ «մտահոգ» չէին…)։

Ծանօթ է բոլորիս, որ 1992ի Յունիսին, առաջին անգամը ըլլալով 1919էն ի վեր, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջն իսկ կը պատրաստուէր իր Ընդհանուր ժողովը գումարելու։ Ծանօթ է նաեւ, թէ Լ. Տէր Պետրոսեան ինչպէս խափանեց այդ ժողովին Հայաստանի մէջ գումարումը՝ անհեթեթութիւններ դուրս տալով իր յայտնի ելոյթին ընթացքին։ Նաեւ լա՛ւ կը յիշենք կարճ ատեն մը ետք Հ.Յ.Դաշնակցութեան դէմ սկսած հալածանքը՝ ձերբակալութիւններ, թերթերու եւ գրասենեակներու փակում, մէկ խօսքով՝ Հայաստանի մէջ Հ.Յ.Դ.ի գործունէութեան կասեցում։

Հիմնական ու խորքային պատճառը այն էր, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ամբողջ Արցախեան ազատագրական շարժումին հաղորդած էր գաղափարական ու քաղաքական-ռազմավարական անհրաժեշտ խորք ու ենթահող։ Այսինքն, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Արցախի ազատագրումը կը համարէր իբրեւ Հայկական հարցի լուծման կենսական բաղադրամաս մը, հողահաւաքի իմաստով։ 1920էն ի վեր առաջին անգամը ըլլալով, հայութիւնը սկսած էր վերստին ազատագրելու իրմէ բռնագրաւուած հայրենի հողեր, Արցախ աշխարհը։ Արցախի ազատագրումով, հայկական նորաստեղծ պետականութիւնը կ՚ամրապնդէր իր արեւելեան դարպասները եւ հայ ժողովուրդի կենսագործունէութիւնը կ՚օժտէր անհրաժեշտ տարածքով։ Լ. Տէր Պետրոսեանի ապազգային վարչախումբին ու անոր ետին կանգնած օտար ուժերուն համար, անընդունելի էին Հայկական հարցի ռազմավարական-քաղաքական ու գաղափարական այս մօտեցումները, որոնք առաջ կը մղուէին Հ.Յ.Դաշնակցութեան համար։ Նոյն այդ ուժերուն համար, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, համահայկական ռազմավարութեան մասը նկատելով Արցախի ազատագրումը, կը խափանէր իրենց (այս «իրենց»ին մէջ Թուրքիան պէտք է յստակ տեսնել) տարածաշրջանային հաշուարկները։

Այդ օրերուն ալ, Հայաստանի վարչախումբը չզլացաւ անհրաժեշտ «գուրգուրանքը» ցուցաբերելու «մտահոգ»ներուն, կարծէք Լ. Տէր Պետրոսեան ինք եւս այդքան… «մտահոգ» էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան հզօրացումով… Իսկ այդ «մտահոգ»ներուն թեզերէն մէկը եղած էր՝ «Դաշնակցութիւնը այսքան տարի է որ հետապնդած է Հայաստանի անկախացումը։ Հիմա որ մեր երկիրը անկախացած է, Եռագոյնը մեր դրօշն է, 1918ի պետական զինանշանը վերահաստատուած է, ալ ի՞նչ կռիւ ԼՏՊին դէմ»։ Մէկ ուրիշ թեզն էր՝ «Ասիկա աքլորամարտ է Հրայր Մարուխեանի եւ Լ. Տ. Պետրոսեանի միջեւ, դադրեցուցէք այս պայքարը նորանկախ պետութեան դէմ»։ Այս մակերեսային միտքերը առաջ մղողները կը մոռնային, որ Դաշնակցութիւնը ոչ միայն Հայաստանի անկախութեան համար պայքարած էր ու կը պայքարի, ալ նաեւ ու մանաւանդ՝ ան կը պայքարի, որպէսզի ստեղծէ ՄԻԱՑԵԱԼ Հայաստան, օժտուած ընկերային-տնտեսական արդար կարգերով՝ հիմնուելով իր ընկերվարական գաղափարախօսութեան վրայ։

Այս թեզերը առաջ մղողները կը ձգտէին հարցը ճղճիմցնել ու զայն վերածել իբրեւ թէ «անհատական անհանդուրժողութեան», այդ ձեւով ալ՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչին անձը վարկաբեկել փորձելով՝ կը փորձէին վարկաբեկել թէ՛ նոյնինքն Բիւրոն եւ թէ՛ ալ այդ ճամբով՝ Դաշնակցութիւնը, զայն տկարացնելու հանրայայտ ճիգով։ «Մտահոգները» թերեւս չէին գիտեր (կամ առնուազն անոնց մեծ մասը), բայց իրենց ետին կանգնած ուժերը շատ լաւ գիտէին, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, հետապնդելով իր համահայկական ռազմավարութիւնը, տեղ մը անպայմա՛ն կը խանգարէ իրենց մեծապետական հաշիւները, տուեալ տարածաշրջանէն ներս։ Այդ նոյն ուժերուն եւ առաջին հերթին Թուրքիոյ համար, բնականաբար անընդունելի է ոչ միայն միացեալ Հայաստանի ստեղծումը, այլ՝ նոյնինքն Արցախի ազատագրումը, որ Դաշնակցութեան համար հանգրուան մըն էր միայն այդ ՄԻԱՑԵԱԼ-ին հասնելու ճամբուն վրայ։

Այս բաժինը եւս եզրակացնելով հաստատենք, որ 90ականներուն Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան դէմ մղուած պայքարը, «մտահոգ»ներու թէ իշխանութիւններուն կողմէ, սերտօրէն եւ ուղղակիօրէն առնչուած էր Արցախի հարցով մեր կուսակցութեան կողմէ իր ազգային ռազմավարութիւնը յամառօրէն հետապնդելու փաստին հետ։

Բայց մենք չվերջացուցինք։ Յաջորդ եւ վերջին բաժինով՝ ԼՏՊէն մինչեւ փաշինեան, 1992 Յունիսէն մինչեւ Յունուար 2021, Երեւանէն Լոս Անճելըս։