Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Հիմնարկէքը՝ 2021-ի Ամրան

Սփիւռք

Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնի հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուելիք թանգարանին հիմնարկէքը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան ամրան՝ աւելցնելով, որ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը արագացուցած է այս գործընթացը, որոշելով թանգարանէն չգանձել շինարարակական ծրագիրին փաստաթուղթեուն քննութեան եւ վաւերացման համար նախատեսուած 671,000 տոլար գումարը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»էն։

Կլենտէյլի քաղաքապետարանը 2018-ին, տարեկան միայն 1 տոլար վարձքով, քաղաքամէջը գտնուող բաղձալի տարածք մը շնորհեց թանգարանին, որ մաս պիտի կազմէ քաղաքին արուեստներու եւ ժամանցի տարածքին։

Նշենք, որ Հայ-ամերիկեան երկյարկանի թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:

«Հիմնարկէքը պատմական իրագործում մը պիտի ըլլայ մեր համայնքին համար եւ թանգարանը կրնայ վերածուիլ յոյսի եւ դիմացկունութեան խորհրդանիշի՝ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ Արցախի համար, որոնք այս աննախընթաց օրերուն մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն»,- կը յայտնէ թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան, հոգաբարձութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնելով ծրագիրին բոլոր նեցուկ կանգնողներուն։

0126AAM2

Յիշեցնենք, որ ծրագիրը ծնունդ առած էր 2014ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կազմուած համագաղութային յանձնախումբին մէջ։ 2015ին կազմուած Հայ-ամերիկեան թանգարանի հոգաբարձութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան։

Այս ծրագիրին համար կարելի եղած է առաւել քան 14 միլիոն տոլար գոյացնել, որուն 8 միլիոնը եկած է Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւններէն՝ աջակցութեամբ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի, ծերակուտական Էնթընի Փորանթինիոյի եւ խորհրդարանական Ատրին Նազարեանի։ Ծրագիրին մէկ միլիոն տոլարով կ՛աջակցի նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչնրու խորհուրդը, շնորհիւ վերահսկիչ Քաթրին Պարկըրի։

Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել ArmenianAmericanMuseum.org կայքը: