Պարոն Էրտողան, Դուն Իրապէս Պատրա՞ս Ես Առերեսուելու Այդ Դիմանկարի Պատմութեան Հետ. Փայլանի Արձագանգը Էրտողանին

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը այսպէս կոչուած՝ ազատագրական շարժման Արեւելեան ճակատի հրամանատար, 1920թ. թուրք-հայկական պատերազմին թրքական զօրքերու հրամանատար Քազըմ Քարապեքիր փաշայի մահուան տարելիցին առիթով գրառում կատարած է հասարակական ցանցի իր էջերուն մէջ:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Էրտողանը գրառման կից հրապարակած է Քազըմ Քարապեքիր փաշայի դիմանկարը՝ հռետորական հարց հնչեցնելով, թէ արդեօքք մարդիկ գիտե՞ն այդ նկարին պատմութիւնը:

Այնուհետեւ Էրտողանը նշած է, թէ իբր Քարապեքիր փաշան «երեխաներուն կարեկցող, անտուն մանուկները պաշտպանող, մեծահոգի պետական այր էր»:

Անոր խօսքով՝ Քարապեքիրը «որբերու հայրն էր», որ «Անատոլիոյ» մէջ (Արեւմտեան Հայաստան-խմբ.) իր հոգածութեան տակ վերցուցած էր 6000 երեխայ եւ անոնց բոլոր ծախսերը:

Անդրադառնալով դիմանկարի պատմութեան՝ Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ անիկա Քարապեքիրին նուիրած էին Տրապիզոնի որբերը, որոնք կը գտնուէին փաշայի հովանիին ներքոյ:

Էրտողանը ապաշուք թուրք զօրավարի «երախտիքը» եւս մէկ անգամ ի ցոյց դնելու համար գրած է.

«Դիմանկարին տակ եղած գրութիւնը մէկ անգամ եւս մեզի ցոյց կու տայ, թէ որքան բարի եւ որքան մեծահոգի եղած է մեր նախնին.

Որբերու մեծարգոյ հայր հերոս Քազըմ Քարապեքիր փաշային… Տրապիզոնի հայ որբերուն կողմէ… Ռումի 1922թ. Սեպտեմբեր 9»:

Նշենք, որ դիմանկարին տակ եղած գրութիւնը օսմաներէն է:

Թուրքիոյ նախագահի այս գրառման արձագանգած է այդ երկրի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) անդամ Կարօ Փայլանը:

Փայլան մասնաւորապէս գրած է.

«Այսպէս կոչուած այդ դիմանկարին պատմութիւնը գիտե՞ս, պարոն Էրտողան: Այդ երեխաները որբացած են, քանի որ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան ժամանակ իրենց ընտանիքները կոտորուած են: Պարոն Էրտողան, դուն իսկապէս պատրա՞ստ ես առերեսուելու այդ դիմանկարի պատմութեան հետ»: