Յօրինող Պոհիկեան Պիտի Խօսի «Հայաստանը Գտնել Երաժշտութեամբ» Նիւթին Շուրջ

Հայաստան, Սփիւռք

Ուրբաթ, 19 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, երաժշտութիւն յօրինող դոկտ. Ճոզէֆ Պոհիկեան պիտի խօսի «Հայաստանը գտնել երաժշտութեամբ» նիւթին շուրջ, հիմնուած իր անձնական փորձառութեան վրայ։

«Ասպարէզ»-ի տեղեկութիւններով՝ առցանց քննարկումը կազմակերպուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին եւ «Լիան Փիթըրզ» հիմնարկի միացեալ ջանքերով։

Արձանագրուելու համար այցելել https://bit.ly/armenianstudiesbohigian կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը։