ՄԱԿ-ը 2 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութիւն Տրամադրեց Արցախի Պատերազմէն Տուժածներուն

Աշխարհ, Հայաստան

ՄԱԿ-ը 2 միլիոն եւրոյի չափով նիւթական օգնութիւն տրամադրեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր մերձակայքը վերջերս տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով Հայաստան ապաստանած մարդոց կենսական նշանակութիւն ունեցող մարդասիրական աջակցութիւն հասցնելու համար:

ՄԱԿ-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան պաշտօնական կայքին համաձայն, այս միջոցները պիտի տրամադրուին տեղահանուած արցախցիներուն եւ զանոնք ընդունող համայնքներու առաջնային կարիքներու բարելաւման:

Նշենք, որ պատերազմին եւ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան իբրեւ հետեւանք՝ աւելի քան 90 հազար արցախցիներ, մասնաւորապէս կիներ եւ երեխաներ՝ տեղափոխուած են Հայաստան: