Ամերիկեան Կառավարութիւնը Կարեւոր Դեր Կրնայ Խաղալ Արցախի Վերաշինման Եւ Վերաբնակեցման Հարցին Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն շատ աւելի քաջատեղեակ է Հայաստանի ու Արցախի խնդիրներէն։ Այս մասին, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի «Կիրակնօրեայ վերլուծական Հրայր Թամրազեանի հետ» հաղորդման ժամանակ, ըսաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց պատասխանատու Եղիսաբէթ Ջուլճեան:

Ըստ Ջուլճեանի, ամերիկեան կառավարութիւնը կարեւոր դեր կրնայ  խաղալ Արցախի վերաշինման եւ վերաբնակեցման հարցին մէջ, իսկ Հայ Դատի յանձնախումբը իր առաջնահերթութիւնները շատ յստակ դրած է` 250 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Հայաստանին եւ Արցախին:

«Մենք մեր առաջնահերթութիւնները շատ յստակօրէն դրած ենք` 250 միլիոն ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի` գաղթականները վերաբենակեցնելու, վերաշինելու Արցախը, աւելի յստակ ղեկավարութիւն Պայտընի կառավարութեան կողմէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի նախագահութեան ծրագիրներուն մէջ: Այստեղ շատ կարեւոր է նաեւ ռազմագերիներու վերադարձը թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջոցով, թէ՛ միջազգային Կարմիր խաչի, եւ նաեւ յստակ պատժամիջոցներ սահմանել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ, որոնք պատերազմի ընթացքին ոճիրներ գործած են. Արցախի անմեղ ժողովուրդին դէմ օգտագործած են ռազմամթերք, որոնք միջազգային մակարդակով արգիլուած են, օգտագործած են քիմիական տարբեր ռազմամթերք ընդդէմ Արցախի: Ասոնց վերաբերեալ շատ յստակ ամերիկեան օրէնքներ կան եւ պատժամիջոցներ կրնան սահմանուիլ թէ՛ Թուրքիոյ դէմ, թէ՛ Ազրպէյճանի կառավարութեան»,- ըսաւ Ջուլճեան` նշելով, որ այս առաջնահերթութիւնները Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ամերիկահայ գաղութը արդէն ներկայացուցած են:

«Պէտք է աշխատինք այս օրերուն, թէ՛ դաշնակցային հարթակի վրայ, թէ՛ քոնկրեսական մակարդակի վրայ, որպէսզի այս նպատակները իրականացնենք», ըսաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց պատասխանատու Եղիսաբէթ Ջուլճեանը: