Ազրպէյճանի Վերահսկողութեան Տակ Մնացած Են Առնուազն 1456 Նշանաւոր Անշարժ Յուշարձան Եւ 8 Պետական Թանգարան

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի վրայ սանձազերծուած ռազմական յարձակումին իբրեւ արդիւնք՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած են հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի առնուազն 1456 նշանաւոր անշարժ յուշարձան, որոնց կարգին՝ 161 վանք եւ եկեղեցի, 591 խաչքար, Տիգրանակերտի, Ազոխի, Նոր Կարմիրաւանի, Միրիկի, Կերենի հնավայրերը եւ բազմաթիւ բերդեր, ամրոցներ, սրբավայրեր եւ այլ յուշարձաններ։ Այս տեղեկութիւնները փոխանցեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը` հայկական մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգին վերաբերեալ հրապարակած զեկոյցին մէջ: Ըստ ՄԻՊ աշխատակազմին՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են նաեւ 8 պետական թանգարան` 19 հազար 311 ցուցանմոյշներով, ինչպէս նաեւ Շուշիի գորգերու եւ Հայկական դրամի մասնաւոր թանգարանները:

Ըստ ՄԻՊ հաղորդագրութեան՝ զեկոյցին մէջ ներկայացուած են ազրպէյճանական-թրքական յարձակումին ընթացքին եւ զինադադարէն ետք արձանագրուած` հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու վանտալութեան շարք մը դէպքեր, ներառեալ` Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ (Կանաչ ժամ) եկեղեցիները դիտաւորեալ կերպով թիրախ դարձնելու եւ վանտալութեան պարագաները:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ ապատեղեկատուութեան միտումնաւոր տարածման եւ մշակութային կոթողները «ալպանիզացնելու» քաղաքականութեան, ինչ որ եւս ոչնչացման սպառնալիքի տակ կը դնէ Արցախի տարածքին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:

«Վեր հանուած դէպքերու եւ հայատեացութեան վերաբերեալ վերլուծութիւնը ցոյց կու տան, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումն ու խեղաթիւրումը կը կրեն համակարգուած ու համատարած բնոյթ: Ազրպէյճանի պետական մարմիններու եւ հանրային դէմքերու գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ ատիկա յատուկ պետական քաղաքականութիւն է` յենուած հայ ազգի դէմ ատելութեան խրախուսման յանցաւոր քաղաքականութեան վրայ»,- կը յայտնէ ՄԻՊ աշխատակազմը: Նկատի ունենալով ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը կանխամտածուած կերպով ոչնչացնելու բազմաթիւ նախադէպերը եւ իրական վտանգները` Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հրատապ կը նկատէ միջազգային համապատասխան կառոյցներու, յատկապէս UNESCO-ի կողմէ Արցախի տարածքին մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ արդիւնաւէտ ու անյապաղ քայլերու ձեռնարկումը: