Յունաստանի «Ար­մե­նի­քա» Պար­բե­րա­թեր­թին Նոր Թիւը Ամբողջութեամբ Նուիրուած է Արցախին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Վեր­ջին օ­րե­րուն, հրա­պա­րա­կի վրայ է «Ար­մե­նի­քա» յու­նա­լե­զու պար­բե­րա­թեր­թի նոր թի­ւը, որ ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւած է Ար­ցա­խին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։

­Թուրք-ա­զե­րիա­կան բա­նա­կի եւ ի­րենց վարձ­կան­նե­րու շղթա­յա­զեր­ծած յար­ձա­կու­մի լոյ­սին տակ, պար­բե­րա­թեր­թը կը ներ­կա­յաց­նէ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի եւ ա­նոր յա­ջոր­դած ա­մօ­թա­լի հրա­դա­դա­րի մա­սին քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան վեր­լու­ծու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի ի­րա­ւա­կան հար­ցի ծալ­քե­րը։

­Յա­տուկ անդ­րա­դարձ ե­ղած է Ար­ցա­խի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կի­րար­կո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան՝ ընդ­դէմ հայ ժո­ղո­վուր­դին։

­Ներ­կայ ծա­ւա­լուն թի­ւը ճո­խա­ցած է Ար­ցա­խի պատ­մա­կան, աշ­խար­հագ­րա­կան, մշա­կու­թա­յին, ազ­գագ­րա­կան, հո­գե­ւոր եւ ըն­կե­րա­յին նիւ­թե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով, ո­րոնք յատ­կա­պէս յոյն ըն­թեր­ցող­նե­րուն առ­ջեւ կը բա­նան հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան կա­րե­ւոր մէկ բա­ժի­նը, որ զար­գա­ցաւ Ար­ցա­խի մէջ եւ մաս կը կազ­մէ հայ ազ­գի պատ­մա­կան եր­թին՝ հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հին վրայ։ ­Նաեւ, նշում կ­՚ըլ­լայ ­Մեհ­մա­նա գիւ­ղի մա­սին, ուր 19-րդ ­դա­րէն հոն կ­՚ապ­րին պոն­տա­ցի յոյ­ներ։

­Բո­լոր յօ­դո­ւած­նե­րը զար­դա­րո­ւած են ճոխ եւ գու­նա­գեղ նկար­նե­րով, ո­րոնք ցոյց կու տան Ար­ցա­խի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին գան­ձե­րու անս­պառ հարս­տու­թիւ­նը։

«Ար­մե­նի­քա»ի նոր թի­ւը ստա­նա­լու հա­մար կա­րե­լի է դի­մել պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թեան եւ «Ա­զատ Օր»ին։