Ժամանակակից Ընկերութիւնները Անատա՞կ Են Հաշտեցնելու Կրթութիւնը եւ Ուսուցումը. Յ. Պալեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

“Կրթութիւնը նախամեծար է ուսուցումէն, ան կը հիմնաւորէ մարդը“։

Անթուան տը Սէնթ-Էկզուփերի, Ֆրանսացի գրող, Ի դար

            Մեր քաղաքի դպրոցին առջեւէն կ’անցնէի: Աշակերտներու դասէ արձակուելու ժամն էր: Յիշատակներ արթնցան: Տասնամեակներ: Աշակերտի եւ ուսուցիչի: Ժամանակին մէջ ճամբորդութիւն: Դիտեցի իրարանցումով եւ աղմկելով բակէն դուրս ելլողները:

            Գիրքերու մէջ չեղած փողոցի եւ փողոցային բացագանչութիւններ եւ աղմուկ կը լսէի: Արտառոց հագուստներ, ծուռ դրուած գլխարկներ: Դիմակահանդէս: Բոլորի ձեռքին՝ գերարդիական բջիջային հեռախօսներ: Յիսուն տարի առաջուան դպրոցները փոխուած էին: Աղջիկները չէին զանազանուեր մանչերէն, ոչ իրենց կեցուածքով, ոչ բացագանչութիւններով, ոչ արտառոց հագուստներով: Յառաջդիմութիւն: Ժամանակները փոխուած էին, կարծէք առանց շարունակութիւն ըլլալու: Արդէն կը սորվեցնեն, որ սեռերը տարբեր չեն եւ մանուկները իրենք պիտի ընտրեն իրենց սեռը: Իր բոլոր հարցերը լուծած-չլուծած Հայաստանն ալ արագօրէն կը հետեւի եւ կը պատշաճի, այդպէս սերունդ կ’ուզէ պատրաստել:

            Դպրոցներու մէջ դեռատի աղջիկներուն կը տրուի «վաղորդայնի դեղահատը», որպէսզի յղի չմնան… Յառաջդիմութիւն: Սէրը սեռական է, այդքան:

            Զարմանալ՝ ժամանակավրէպ ըլլալու փաստ է:

            Մայթին հանրակառքի կայան էր, նստարան մը կար: Երկու հոգիի կողքին տեղ գրաւեցի եւ դիտեցի: Աշակերտներ պոռչտուքով փողոցը կ’անցնէին, ձեռքի տգեղ շարժումներ կ’ընէին դժգոհող վարորդներուն:

            Յիշեցի մեր դասական կրթութիւնը, անուններ, օրեր, դէպքեր, դասեր:

Յաճախ ուսուցիչները որպէս շարադրութեան (dissertation) նիւթ կու տային ֆրանսական գրականութեան աւագ դէմքերէն ԺԶ դարուն ապրած Ֆրանսուա Ռապըլէի խօսքը. «Գիտութիւնը առանց գիտակցութեան սոսկ հոգիի աւերակ է», գիտակցութիւն՝ բարոյականութեան ըմբռնումով: Արդէն ժամանակավրէպ կրթադաստիարակչական փիլիսոփայութիւն մը: Վստահ եմ, որ այսօր ալ, գրականութեան ուսուցիչները նոյն էջերը կը կարդան, կը բացատրեն, նոյն խօսքը կու տան որպէս շարադրութեան նիւթ: Բայց… անոնք անմիջական կեանքին, կենցաղին, քաղաքակրթութեան չեն առնչուիր:

            Յաճախ կը կարդամ Ալպէր Քամիւի էջերը: Գրասեղանիս վրայ է իր ամբողջական երկերու հատորը: Մարդկայնական (humanist) մեծ գրող է նոպէլեան դափնեկիր Ալպէր Քամիւ: Ան ալ արձանագրած է հետեւեալը, կարծէք դարերու վրայէն ձայն տալով զինք նախորդած Ռապըլէին: Կ’ըսէ. «Կրթութիւնը նախամեծար է ուսուցումէն, ան կը հիմնաւորէ մարդը»: Հակառակ բազմապատկուած դպրոցներուն եւ անխտի՛ր բոլորին եւ հաւասարապէս ջամբուած ուսման, օրէնք է, ստացուած վկայականներու, գիտական յաջողութիւններու եւ նուաճումներու, կրթութիւնը տեղի տուած է, մոռցուած է այն պարզ իմաստութիւնը, որ կրթութիւնը եւ գիտութիւնը պիտի հարստացնեն գիտակցութիւնը, որպէսզի հոգին չըլլայ աւերակ:

            Կրթութիւն եւ գիտութիւն՝ մարդկայնութեանհիւմանիզմի համար:

Կրթութիւն եւ ուսուցում (ուսումնառութիւն) շփոթուած են, սովորական դարձած է կրթութիւնը համարել ուսուցում: Կ’ըսենք կրթական նախարարութիւն, բայց կը տեսնենք, որ ան կը զբաղի ուսումնական ծրագիրներովԴպրոցներու յաջողութիւնը կը չափուի ուսումնականով: Այսօր ի՞նչ կը ներկայացնէ ուսումնականէն տարբերկրթականը, ի՞նչ են անոր նպատակները: Կ’ըսենք՝ կրթական, ընդհանրացում մը՝ ուսումնականի տիրապետութեամբ: Կրթական նախարարութիւնը գիրքեր կը պատրաստէ, ծրագիրներ կը մշակէ ուսումնառութեան համար: Ընկերութիւնը այդ կը պահանջէ: Այսօր կարծէք դպրոցը դադրած է կրթական հաստատութիւն ըլլալէ, դարձած է սոսկ ուսումնական հաստատութիւն: Բառերը ճիշդ չեն գործածուիր:

            Հիմա գիտութեան ուսուցումը, դարձած է նպատակ եւ միջոց մարդէն անդին գտնուող նպատակներ իրականացնելու, կեանքի մէջ նիւթականով պայմանաւորուող յաջողութեան համար, կրթութիւնը կը համարուի մանկան ազատութիւնը խափանող, բարդոյթներ յառաջացնող, մտացածին եւ բնականութեան  դէմ արժէքներ սրսկելով, փոխանակ շրջապատին եւ բնութեան հետ բնականոն զարգացման նպաստելու:

Ինչպէ՞ս կրթել, երբ նուազագոյն կաշկանդումը յանցանք է, հակամանկավարժական:

            Ի՞նչ պէտք է ըլլար, եւ ըլլայ,  կրթութեան առաջադրանքըանչափահասը պատրաստել համատեղ կեանքի, որուն համար անհրաժեշտ են կարգ մը սկզբունքներ, ինչպէս յարգանքը՝ միւսին եւ ընդունուած արժէքներու հանդէպ, համագործակցութիւնը՝ սահմանուած օրէնքներու ծիրէն ներս, եւայլն: Անցեալին դպրոցներու մէջ դասընթացք կար, որ կը կոչուէր քաղաքացիական կրթութիւն: Հիմա՞…

            Թերեւս օր մը պէտք է արձանագրել, որ բոլոր կրթուած մարդիկ անհաւասարակշիռներ են, երբ կը հետեւին բնութեան կարգին, օրինակ, երբ այդ կարգը կեանքի սկիզբէն ի վեր արու եւ էգ է, բոյսերու, անասուններու եւ ասուններու համար: Արուն էգ համարել-դարձնել եւ էգը՝ արու ո՞ր ճշմարտութեան, ո՞ր արդարութեան, ո՞ր մարդկայնութեան (հիւմանիզմ) եւ բնութեան ո՞ր կարգին պիտի ծառայէ:

            Խօսինք պարզ. հիւանդագինով, արտառոցով եւ անբնականով փոխարինել բնութեան կարգը, որ այդպէս է, զոր մենք չենք ստեղծած, ո՞ւր կրնայ տանիլ տիեզերքի հրաշք-կանոնը՝ որ կեանքն է, որ այդպէս է, զոր մենք չենք հնարած:

            Օր մը երբ բազմանան մարդամեքենաները, ռոպոթները, եւ մոլորակը բնակուի անոնցմով, եւ բնական մարդը վերջ գտնէ, այն ատեն արուն եւ էգը կրնան չքանալ, բեղմնաւորուելու խնդիր ալ չի մնար, ծառերը կը չքանան:

            Մարդամեքենաներու տիրապետութենէն առաջ տեղի կ’ունենայ մարդու անբնականոնացումը, խախտելով ստացուած կեանքի կարգը: Կրթութեան ամպհովանին վերցնելով շատեր կը խորհին, որ կը մտնենք ազատութեան նոր տիեզերքի մը մէջ: Մենք որ շատ կը սիրենք գիտութիւններուն դիմել հետեւանքներ նախատեսելու եւ գիտնալու համար, ինչո՞ւ այդ չենք ըներ նկատի առնելով կրթութեան անհետացումը:

            Այնպէս ինչպէս կ’ապրինք, այնպէս ինչպէս կ’ընթանայ կրթութիւն-գիտութիւն զոյգը, կացութիւն մըն է զոր կ’ընդունինք կրաւորականութեամբ, տեւաբար փոփոխուող արժէքային համակարգերը անզօրութեամբ դիտելով, ինչ որ մեզ կը դարձնէ պատահածին եւ պատահելիքին մեղսակից:

            Հանրակառքը եկաւ եւ գնաց, դպրոցէն արձակուածները դատարկեցին փողոցը, ես ալ ոտքի ելայ եւ գացի գնումներ ընելու:

            Ո՞վ այսօր կը մտածէ ԺԶ դարէն մինչեւ Ի դար իրարու արձագանգող մտաւորականներուն հետ, որ կրթութիւնը կը հիմնաւորէ մարդը:

            Բայց անցեալ դարերու եւ մեր օրերու մարդու ընբռնումը նո՞յնն է, մարդու մարդամեքենայով, «ռոպոտ»ով (robot), փոխարինման նախորդող ժամանակի թոհուբո՞հն է այս բոլորը:

            Չհամարձակիք ոեւէ տեղ Ռապըլէի պէս ըսել, որ՝ «Գիտութիւնը առանց գիտակցութեան սոսկ հոգիի աւերակ է»… Ձեզ անմիջապէս կը կոչեն ժամանակավրէպ, յետադիմական, եթէ հոգեբուժարան չղրկեն:

Կրթութիւնը կրնա՞յ հրաշքով վերադառնալ դպրոցական ծրագիրներուն մէջ, ուսումնականի կողքին: Ընդհանրապէ՛ս: Եւ ինչո՞ւ այս չկրկնել, մանաւանդ մեր զանազան ձեւերով վտանգուած ազգի պարագային:

            Այս կ’ըլլայ նուազ ամպագոռգոռ բայց ճշմարիտ ազգային քաղաքականութիւն: