Category: Հայաստան
Հայաստանը Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին Մէջ Պիտի Ներկայացնէ Եղիշէ Կիրակոսեանը
ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան այսօր որոշում ստորագրած է Եղիշէ Կիրակոսեանը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ լիազօր ներկայացուցիչ նշանակելու մասին, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը։ Եղիշէ Կիրակոսեան 2014-ի Յուլիսէն ՀՀ Սահմանադրական դատարանի […]
Բաղրամեան 26-ը Կը Տրուի Նախագահի Աշխատակազմին
ՀՀ կառավարութեան` այսօր ընդունած որոշումին համաձայն` հանրապետութեան նախագահի նստավայրը Մաշտոցի 47 հասցէէն պիտի տեղափոխուի Բաղրամեան 26: ՀՀ վարչապետի նստավայրը, որ այժմ Բաղրամեան 26-ն է, պիտի տեղափոխուի Հանրապետութեան հրապարակ` Կառավարական տուն […]
«Իրանի Մէջ Տեղի Կ՛ունենան Խմորումներ, Որոնք Առնուազն Պէտք Է Մտահոգեն Մեզ» Կիրօ Մանոյեան
ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Իրանի վերաբերող վերջին զարգացումներուն՝ ըսաւ. «Իրանի հետ Միացեալ Նահանգներու հարցը իսկապէս մտահոգիչ է: Եւրոպական […]
Գանատա-Հայաստան Պատգամաւորական Բարեկամութեան խումբը Կարեւոր Կը Նկատէ Երևանի Մէջ Գանատայի Դեսպանութիւն Բանալու Հարցը
Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Գանատա-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի հանդիպումը, որուն ներկայ եղած են Գանատայի խորհրդարանի բոլոր խոշոր քաղաքական կուսակցութիւններու, Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմենփրես»-ը, բարեկամութեան խումբի համանախագահ, Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Պրայեըն Մէյս […]
Լոս Անճելըսը Արցախի Անկախութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ Միջազգային Համայնքին
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ 5 Նոյեմբերին տարածուած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի բանաձեւը՝ Արցախի ազատագրական շարժումին 30ամեակին վերաբերեալ, որ վաւերացուեցաւ խորհուրդին 7 Սեպտեմբերի նիստին ընթացքին: Ստորեւ […]
Յովնանեան Կրթաթոշակ` Ուսանողներուն․ Մրցոյթը Կը Կայանայ Նոյեմբերին
Համալսարաններ ընդունելութեան քննութիւններու աւարտէն ետք դիմորդներու համար պարզ կը դառնայ, թէ արդեօք հնարաւորութիւն ունի՞ն պետական ամավարկէն ստանալ ուսման վարձի լրիւ կամ մասնակի փոխհատուցումը: Քանի որ ատկէ ետք շատ ուսանողներ կը […]
ՊՆ Բեռնատար Մը Շրջուած է, Զոհուած է Չորս Ժամկետային Զինծառայող
Գորիս-Որոտան (Կուբաթլի) ճանապարհին Պաշտպանութեան նախարարութեան բեռնատար մը շրջուած է. կան զոհեր եւ վիրաւորներ: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրեց ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան։ Ապա ան յայտնեց, որ վթարին […]
Հայրենադարձ Կարէն Պապեան Կը Նախատեսէ Իր Գործը Հիմնել Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան Ոլորտին Մէջ
Ռուսիա 25 տարի ապրելէ ետք Պապեաններու ընտանիքը որոշած է տեղափոխուիլ Հայաստան: Ինչպէս տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող հայ բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ ժամանակ առ ժամանակ կը քննարկուի Հայրենիք վերադառնալու հարցը, այնպէս ալ […]
“Հայաստան” Հիմնադրամի Թորոնթոյի Մարմինին Կողմէ Արցախի Ուղտասար Գիւղին Մէջ Դպրոց Կառուցուած է
Նոյեմբեր 5-ին, Ասկերանի շրջանի Ուղտասար գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի եւ Արցախի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ կառուցուած դպրոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, կը հաղորդէ “Արցախփրես”-ը։ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր […]
Ընդդիմութիւն Ըլլալը Պատուաբեր Հնարաւորութիւն է Ապաշխարելու Սխալներոդ Համար Գործով Եւ Ոչ Թէ Խօսքով. Վիգէն Սարգսեան
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը անպայման պէտք է մասնակցի յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար, ՀՀԿ գերագոյն մարմնի անդամ Վիգէն Սարգսեան: «Այդպէս կայացած քաղաքական […]









