Ընդդիմութիւն Ըլլալը Պատուաբեր Հնարաւորութիւն է Ապաշխարելու Սխալներոդ Համար Գործով Եւ Ոչ Թէ Խօսքով. Վիգէն Սարգսեան

Հայաստան

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը անպայման պէտք է մասնակցի յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար, ՀՀԿ գերագոյն մարմնի անդամ Վիգէն Սարգսեան:

«Այդպէս կայացած քաղաքական կուսակցութիւնը իշխանափոխութենէն ետք ոչ թէ «կը խռովի» իր ժողովուրդէն, այլ անոր նոր կարգավիճակի մէջ ծառայելու յայտ կը ներկայացնէ: Ընդդիմութիւն ըլլալը ո՛չ արտօնութիւն է, ո՛չ վարչական լծակ, ո՛չ ալ բարձր հանրային դիրք: Անիկա պատուաբեր հնարաւորութիւն է ապաշխարելու սխալներուդ համար գործով եւ ոչ թէ խօսքով: Երկար տարիներ իշխանութիւն եղած կուսակցութիւնը պարզապէս իրաւունք չունի հաւաքելու կուտակած փորձը, գիտելիքը, արհեստավարժ անձնակազմը եւ իրեն հետ տանելով այդ ամէնը հեռանալու հանրային կեանքէն` «լուալով ձեռքերը»,- նշած է Վիգէն Սարգսեան: